ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ենի Աքիթ» թերթը Օգոստոս 20ին խստօրէն քննադատեց Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն տալու Անգարայի որոշումը՝ գրելով, թէ մինչ թանգարանի վերածուած եկեղեցիներու մէջ քրիստոնեաներուն իրաւունք կը տրուի եկեղեցական արարղութիւն կատարելու, իսլամներուն իրաւունք չի տրուիր թանգարանի վերածուած Այա Սոֆիայի մէջ իսլամական արարողութիւն կատարելու։
Նշենք, որ երեք տարուան ընդմիջումէ մը ետք, Սեպտեմբեր 9ին, Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ պիտի մատուցուի պատարագ: Ինչպէս նախապէս տեղեկացուցած էր Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան՝ վերջին երեք տարիներուն պատարագներ չէին մատուցուած ապահովական նկատառումներով:
Նախորդ տարիներուն մատուցուած պատարագներուն մասնակցած էին բազմաթիւ մարդիկ Հայաստանէն, Թուրքիայէն, Հոլլանտայէն, Աւստրիայէն, Գանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Իրանէն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ այլ երկիրներէ:
«Վանը կրնանք դարձնել Թուրքիոյ կրօնական ուխտագնացութեանց զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոններէն մէկը: Հայերն ալ ունին նման ակնկալիքներ», ըսաւ Վանի առեւտրական գրասենեակի գործադիր խորհուրդի անդամ Մուրատ Պէյազ:
Իր կարգին, Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նահանգային վարչութեան տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսաւ. «Զբօսաշրջիկները հետաքրքրուած են այն եկեղեցիներով, ուր պատարագ կը մատուցուի: Այդ իսկ պատճառով՝ այցելուներուն քանակը շարունակաբար կ՛աճի»:
Յիշեցնենք, որ Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ վերականգնած էր 2010ին եւ բացուած թանգարանի կարգավիճակով: Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք հայ համայնքը տարին միայն մէկ անգամ պատարագ մատուցելու արտօնութիւն ունի: