ԱՐՄԱՆ ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ
Հակադաշնակցական պայքարի հիսթէրիա ստեղծելու ճիգ մը կայ կարծէք: Դաշնակցութեան քաղաքական կեցուածքներուն, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու տեսակէտներուն դէմ արտայայտուողներուն, զանոնք չբաժնողներուն կամ, այսպէս ըսած, հակա-տեսակէտ ունեցողներուն հասցէին հակադաշնակցականի պիտակաւորումով յօդուածներու գրոհ մը կայ մեր հասարակական ցանցերու եւ մամուլին մէջ գրեթէ ամէն օր:
Հաւանաբար հասկնալի է այս «հակադաշնակցական աքթիւիզմը» հայաստանեան քաղաքական իրադարձութիւններու ֆոնէն նայած: Ասոր հետեւութեամբ ալ կարելի է ըսել, որ Դաշնակցութեան քաղաքականօրէն դէմ արտայայտուողներու թիւը թերեւս աւելցած է եւ աւելի բարձր ու համարձակ կը հնչէ այս օրերուն: Սակայն, դեռեւս այն համոզումին չեմ, որ հակադաշնակցական պայքարի բնոյթով պէտք է ներակայացնել այս աքթիւիզմը: Անշուշտ, միամիտ ալ չեմ. հակադաշնակցականներ ամէնուրեք կան, անոնց դասականներէն մինչեւ նորելուկները: Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողներ միշտ կան: Ասոնցմէ ոմանց համար, կարծէք մազոշիստական հաճոյք էր իմ նախկին յօդուածը «ի բերանոյ քումէ» վերտառութեամբ իրենց թերթերուն մէջ արտատպելը: Թող անոնք ալ այդպէս ուրախանան, իրենց խելքին հասածին չափով: Բայց այս օրերու «հակադաշնակցական աքթիւիզմը» անպայմանօրէն այս վերջիններուն հետ միախառնելու եւ նոյն նժարին վրայ դնելու գիտակից կամ անգիտակից մօտեցումը ոչ միայն համոզիչ չէ, այլեւ բազմաթիւ մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ:
Տասնամեակներ շարունակ հակադաշնակցական պայքար համարած ենք Դաշնակցութեան ազգային-կուսակցական գաղափարօսութեան դէմ պայքարողներու դիրքը: Հակադաշնակցական համարած ենք այս կուսակցութեան պատմական արժէքը, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին ի սպաս անոր աւելի քան հարիւրամեայ պանծալի ծառայութիւնը հետեւողական քինախնդրութեամբ մերժողներու եւ ուրացողներու վարքագիծը: Այսպէս էր մեր ըմբռնումը հակադաշնակցական պայքարին դեռ սովետի ժամանակներէն, երբ սուր պայքար կար մեր կուսակցութեան հաւատամքին, գաղափարախօսութեան եւ անոր պատմական արժէքային համակարգին դէմ, մեր ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառաներուն մէջ: Այլ խօսքով Հակադաշնակցական պայքարը Դաշնակցութեան ինքնութեան եւ գոյութեան դէմ պայքար էր եւ տակաւին է եւ այս ըմբռնումի սահմաններուն մէջ պահած էինք զայն ամբողջ տասնամեակներ:
Չեմ գիտեր ինչէ թելադրուած, այս ըմբռնումի սահմաններէն դուրս գալու երեւոյթ մը կայ Դաշնակցական մամուլին մէջ: Եթէ մէկ կողմ դնենք ցանցերու վրայ մերթ ընդ մերթ երեւցող ձաբռտուքները, Դաշնակցութեան վարած հայաստանեան քաղաքականութեան, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու կեցուածքներուն կամ տեսակէտներուն նկատմամբ որեւէ քննադատական խօսք կամ անհամաձայնութիւն յայտնողները անմիջապէս հակադաշնակցական համարելու եւ հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելու մարմաջ մը կայ շարք մը յօդուածագիրներու մօտ: Ոմանք մինչեւ իսկ հակադաշնակցական գրոհ կը տեսնեն նման առիթներու մէջ, առանց վայրկեան մը մտածելու, որ Հայաստանի մէջ իբրեւ հասարակական քաղաքական կուսակցութիւն գործող Դաշնակցութիւնը եւ անոր մարմիններն ու ղեկավարները ինչ որ տեղ եւ ինչ որ չափով հաշուետու են նաեւ երկրի ժողովուրդին եւ այս դրուածքին մէջ պարզ է որ ըլլան միտքերու եւ տեսակէտներու բախումներ հասարակութեան եւ կուսակցութեան միջեւ: Քաղաքական կուսակցութեան մը եւ հասարակութեան միջեւ նման բախումներ առողջ են ու շահեկան, երբ, վերջիվերջոյ, փոխըմբռնումի եւ իրար հասկացողութեան կ՛առաջնորդեն: Իսկ քանդիչ կ՛ըլլան երբ «հակա»ներու աջ ու ձախ տեղատարափով սկսին ու աւարտին:
Պէտք է հասկնալ, որ Դաշնակցութեան գործակցութիւնը Հանրապետական կուսակցութեան հետ քննադատող Հայաստանի քաղաքացին չի նշանակեր որ Հակադաշնակցական է, չի նշանակեր որ Դաշնակցութեան ծրագիրին ու գաղափարախօսութեան դէմ է, ոչ ալ կը նշանակէ որ ընդհանրապէս անոր ներկայի գործն ու պատմական հարուստ անցեալը արժեզրկողն է:
Թող ներողամիտ ըլլան իմ ընկերները, եթէ հարց տամ, թէ Դաշնակցութիւնը արդեօք քաղաքական ընդդիմախօսներ ունի, թէ բոլոր քննադատողներն ու տարբեր գնահատումներ ունեցողները էութեամբ հակադաշնակցականներ են առանց բացառութեան: Կ՛ըսեմ առանց բացառութեան, որովհետեւ «քաղաքական ընդդիմախօս» բառերը կարծէք դուրս հանուած ըլլան այս օրերուն դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան բառապաշարէն:
Դաշնակցական քաղաքական միտքն ու անոր գրիչը պէտք է գիտնայ զանազանել հակադաշնակցականը քաղաքական ընդդիմախօսէն: Նոյնը չեն այս եզրերն ու հասկացողութիւնները, որոնք կարծէք հոմանիշ դարձած ըլլան ոմանց մօտ:
Ամէն քայլափոխի Դաշնակցութեան հանդէպ ժխտական արտայայտուողին Հակադաշնակցական պիտակին արժանացնել թերեւս հաճելի թուի կուսակցական որոշ շրջանակներու համար, մենք մեր հակառակորդին արժանի տեղը նստեցուցած ըլլալու գոհունակութիւնը տալով: Այդքան միայն: Այս ռազմաշունչ «հակա»ներով սակայն կարելի չէ դրական բան կառուցել: Կարելի չէ կառուցողական դաշտ ստեղծել կուսակցութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, յատկապէս Հայաստանի մէջ, ուր խորհրդարանական ընտրութիւնները մօտալուտ են եւ ուր ժողովուրդը իր վերջին խօսքը անպայման պիտի ունենայ:
Պէտք է ընդունիլ, որ եթէ հասարակութիւնը բացի համացանցէն եւ Հակադաշնակցական թերթերէն՝ արտայայտուելու դաշտ չունի, նոյնը կարելի չէ ըսել շարքային Դաշնակցականին պարագային: Շարքայինը չի վայելէր ինքն իրեն նման իրաւասութիւն տալու ազատութիւնը: Այսինքն՝ միաժամանակ՝ Հակադաշնակցական Դաշնակցական չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Դաշնակցութեան քաղաքական ընդդիմախօսներ ունենալ-չունենալուն՝ եթէ այդ «ընդդիմախօսներ»ը կուսակցական են՝ իրենց ընձեռուած տարբեր ձեւեր եւ խողովակներ ունին իրենց կարծիքը, խօսքն ու առաջարկը ճի՛շդ հասցէին ուղղելու, մամուլի էջերէն զատ. իսկ եթէ ընդդիմախօսութեան «խաթեր» ընդդիմախօս կը փնտռուի, արդարեւ ի՞նչ է հետապնդուած նպատակը եւ ի՞նչ է ակնկալուած արդիւնքը…:
համամիտ
100% համաձայն եմ աս կարծիքին: Ես կուսակցական չեմ, բայց բաւական բարեկամներ ունիմ եւ անոնք կըսէն, որ կուսակցութիւնը ամենէն աւելի ուժ ունի իր կարգապահութեանը մէջ եւ գրուած օրէնքներուն հետ ունի չգրուած օրէնքներ ալ. աս է որ երբեմն չի յարգուիր «ընդիմախօս»ներուն կողմէ, եւ պատճառ կըլլայ որ իրական հակառակորդները իրենց սխալ քարոզութեան համար գործակից գտնեն աս «ընդիմախօսներուն» բերանով, ըսելով որ տեսէք, իրենց անդամներն ալ դժգոհ են կուսակցութենէն, անոր ժամանակը անցած է եւ պէտք է քաղաքականութենէն դուրս դրուի: Քննադատողին իրական նպատակը թերեւս անիկա չէ, բայց տեսէք որ հարցը ուր կը հասնի:
Չի հասկցայ որ Ա.Պ. ի՞նչ ըսել կուզէ: Պէտք է հասկանանք որ դաշնակցութիւնը քննադատողները հակադաշնակցական չե՞ն. ուրեմ ի՞նչ են: Եթէ ըսել կուզէ, որ դաշնակցականը ալ կրնայ քննադատել իր կուսակցութիւնը, անպէս ինչպէս կընեն հակադաշնակցականները, ալ ի՞նչ տարբերութիւն կը մնայ: Քննադատող եւ ընդդիմախօս բառերուն մէջ կը կորսուի կոր կարդացողը. բան մը հստակացնելու տեղը, աւելի խառնուածութիւն կայ այս գրութեան մէջ: Չենք կրնար կոր տեսնել որ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ դաշնակցութիւնը քննադատողը միտքին մէջ աս կամ ան անձը չունի, այլ դաշնակցութեան ճիշդ քաղաքականութիւնն է, ատի ալ կըլլայ հայհոյելով եւ ամմէնէն տգթչ արտայայտութիւններով: Աս ալ խօսքի ազատութեա՞ն մաս կը կազմէ հիմա: Չի հասկցայ նաեւ որ միւս յօդուածին մէջ ինչ գրած էր, եւ հիմա անկէ ետ կը դառնայ՞, թէ ոչ նոյն բանը կուզէ կրկնել:
Մեր թերթը պէտք է ուղութիւն տայ, ոչ թէ խառնակէ միտքերը. արդէն Հայաստանի մէջ եղածները բաւական կը խառնեն կոր:
Յօդուածագիրը ըսել կ՝ուզէ որ նաեւ դաշնակցականներ կը քննադատեն դաշնակցութեան առնուազն հայաստանի նախկին իշխանութեան հետ համագործագցելու։
կուզէի հասկնալ որ այս յօդուածագրին նպատակը Ասպարէզի ընթերցողներուն դաստիարակելն է թէ ՀՅԴ Բի եւ Հայաստանի ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնին դաս սորվելցնել է։ Բայց եւ այնպէս ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանը որոշում առած է արտօնել ՝՝քննադատական՝՝ յօդուածներու տեղ տալ,,,,
թուխով մնացեք բարի
համամիտ
Արմանին միտքը յստակ է՝
օրինակով խօսիմ՝ ես հակադաշնակցական չեմ և դաշնակցական ալ չեմ…եթէ հարց մը քննադատեմ անմիջապէս “հակադաշնակցական” պիտակը կը փակցուի…. ինչու՞
Արմանը կ՛ըսէ որ զանազանենք “ծնունդով” հակադաշնակցականները “ընդիմախօս”ներէն, որոնք կը ջանան միջին եզր մը գտնել հարցերուն և ոչ թէ նպատակադրուած քննադատութիւն կ’ընեն պարզապէս քանի որ դիմացինը դաշնակցութիւնն է։
Անշուշտ որ դաշնակցականը հրապարակաւ չկրնար քննադատել կամ ալ ընդիմախօսութիւն ընել… այս բոլոր կուսակցութիւններուն համար է։
Անշուշտ որեւէ ազգային մարդ պէտք է ընդունի որ մեր պատմական թէ այժմէական կուսակցութիւնները տակաւին շատ բան ունին ընելիք որպէսզի հայ ազգը կարենայ զարգացման աստիճաններին վեր ելլել։
Քննադատենք առանց զիրար վիրաւորելու եւ ամէն քննադատողի “հակա” պիտակը փակցնելու մարմաջ չունենանք։
Լաւ որ ՌՍ ինքը կըսէ որ «Անշուշտ որ դաշնակցականը հրապարակաւ չկրնար քննադատել կամ ալ ընդիմախօսութիւն ընել…»: Ասի ըսել չէ, որ իրաւունք չունի քննադատելու. եթէ իրական կուսակցական է, ասի շատ լաւ պէտք է հասկնայ: Քննադատութիւնները կըլլան կոր խօսքի ազատութեան անունով. թող աս ազատութիւնը մեզի սխալ տեղեր չիտանի:
Hamatsayn em A.B. ardahaidoutyan: “Դաշնակցութեան վարած հայաստանեան քաղաքականութեան, անոր ղեկավարներու կամ մարմիններու կեցուածքներուն կամ տեսակէտներուն նկատմամբ որեւէ քննադատական խօսք կամ անհամաձայնութիւն յայտնողները անմիջապէս հակադաշնակցական համարելու եւ հակադաշնակցական պայքարի շրջանակին մէջ տեղադրելու մարմաջ մը կայ շարք մը յօդուածագիրներու մօտ”. Vorovhedev ayt guh dani vdankavor dbavoroutyounuh toghneloo vor Hai Heghapokhagan Tashnagtsoutyan “Raison d’etre” guh sahmanvi “hagatashnagtsagan” ardahaidoutyounneroo yev baikari oujknoutyan himamp.