ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Աննա Նաղդալեան յայտնեց, որ կը հաստատէ, թէ «Բելգիայի թագաւորական ընտանիքը մասնաւոր այցով Հայաստանում է»:
Արդարեւ, Պելճիքայի Ֆիլիփ թագաւորը, թագուհին եւ իրենց 4 երեխաները այս օրերուն մասնաւոր այցելութեամբ կը գտնուին Հայաստան, ուր կ՛անցընեն իրենց արձակուրդը: