ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Փրոֆ. Ֆիլիփ Գամաղելեան միացած է Սան Տիէկոյի համալսարանին մէջ գործող «Ճոէն Քրաք» Խաղաղութեան ուսմանց բաժանմունքի անձնակազմին, ուր պիտի դասաւանդէ տագնապներու վերլուծութեան եւ անոնց լուծումներ գտնելու առնչուող նիւթեր։
Դոկտ. Գամաղելեան ոչ միայն տեսական, այլ նաեւ գործնական առումով տագնապներու հանգուցալուծման մասնագէտ եւ համահիմնադիրն ու վարիչն է Տագնապներու փոխակերպման «Իմեճին» (երեւակայէ) կեդրոնին։ Ան նաեւ կազմակերպած է հայ-ատրպէյճանական տագնապին առնչուող բազմաթիւ երկխօսութիւններ եւ աշխատանիստներ եւ իբրեւ խորհրդատու մասնակցած է՝ հայ-թրքական, արաբ-իսրայէլեան, հնդկափաքիստանեան եւ վրացահարաւային օսեթական տագնապներու ուղղուած նախաձեռնութիւններու։
Փրոֆ. Գամաղելեան հասակ նետած է Հայաստանի մէջ, երբ անիկա մաս կը կազմէր փլուզուող Խորհրդային Միութեան եւ ականատես դարձած է Հայաստանի անկախութեան եւ անոր յաջորդած իրադարձութիւններուն, որոնք մնացած են Ատրպէյճանի հետ պատերազմի շուքին տակ։
Ան քաղաքական գիտութեան եւ ֆրանսերէնի վկայականները ստացած է Երեւանի Օտար լեզուներու հիմնարկէն, իսկ տագնապներու լուծման ճիւղին մէջ մասնագիտացած է յաջորդաբար «Պրենտայս» եւ «Ճորճ Մէյսըն» ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, որմէ ետք դասաւանդած է «Թաֆց», «Ճորճ Մէյսըն», «Ճորճթաուն», «Ճորճ Ուաշինկթըն» եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարաններուն մէջ։
Դոկտ. Գամաղելեան հեղինակն է շարք մը ուսումնասիրական յօդուածներու եւ որոշ գիրքերու հատուածներու, որոնք կ՛առընչուին յատկապէս Հարաւային Կովկասի իրադարձութեանց։
Այսինքն՝ կուտը մեր բակին մէջ կերած է, իսկ հաւկիթը կ’ածէո ւրիշին հաւնոցին մէջ:
Համոզիչ չէ իր կերպարը, կը ցաւիմ, մանաւնդ վարակիչ չէ:
Լեզուական. ինչո՞ւ կ’ըսէք աշխատանիստներ եւ չէք ըսեր՝ աշխատանիստեր. չէ՞ որ նիստ կու տայ նիստեր:
Առընչուիլ-ն ալ պէտք չունիք ը-ով գրելու. պէտք է ըլլայ առնչուիլ: