Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց գործարար, «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնարկի հիմնադիր եւ խորհուրդի ատենապետ Կարօ Արմէնը եւ մշակութային գործիչ Թոնի Շաֆրազին, որ իր գործունէութեան ընթացքին համագործակցած է աշխարհահռչակ շարք մը արուեստագէտներու, որոնց շարքին Էնտի Ուորհոլի եւ Ժան Միշել Պասքիայի հետ:
Ըստ կառավարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան՝ հանդիպման ընթացքին վարչապետին ներկայացուած են «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնարկի գործունէութիւնը եւ յառաջիկայի ծրագիրները, նաեւ կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ:
Կարօ Արմէն յայտնեց, որ կը նախատեսեն Լոռիի մարզի Դեբեդ համայնքին մէջ գործող SMART նորարարական կրթական կեդրոնին ձեւաչափով կեդրոններ ստեղծել նաեւ հանրապետութեան այլ համայնքներու մէջ, անոնց մէջ ներգրաւել դպրոցականներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ բարձրակարգ մասնագէտներ: Կեդրոնին մէջ պիտի ուսուցանուին նորագոյն արհեստագիտութիւններ, օտար լեզուներ, արհեստներ, արուեստի տարբեր ճիւղեր եւ այլն: Կարօ Արմէն անդրադարձաւ նաեւ առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ նախատեսուող գործարար ծրագիրներու եւ նշեց, որ Սփիւռքի տարբեր գործարար շրջանակներ եւս կը դիտարկեն հայրենիքի մէջ ներդրումային նախագիծերու իրականացման հնարաւորութիւնները:
Կառավարութեան ղեկավարը ողջունեց «Հայաստանի Մանուկներ» հիմնարկի գործունէութիւնը եւ կարեւոր նկատեց Սփիւռքի ներկայացուցիչներու կողմէ տարբեր ուղղութիւններով գործարար ծրագիրներ կեանքի կոչելու նախաձեռնութիւնները եւ ընդգծեց, որ կառավարութիւնը իր քայլերով կը ստեղծէ անհրաժեշտ պայմաններ՝ գործ բանալու եւ շահոյթ ստանալու համար: Նոյն ժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան Կարօ Արմէնին առաջարկեց ներդրումի ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ աշխոյժօրէն աշխատիլ կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու հետ՝ զանոնք արդիւնաւէտ կերպով յառաջ տանելու նպատակով: