
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- ԵՈՒՆԵՍՔՕի հրապարակած «Անհետացող լեզուներու քարտէս»ին համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ 11 լեզուներ անհետացման եզրին են, իսկ 3 լեզուներ՝ շատոց արդէն անհետացած են:
Անհետացող լեզուներու ցանկին մէջ են՝ Տրապիզոնի մէջ միայն տարեցներու կողմէ խօսուող պոնտոսեան յունարէնը, Արթուինի Խոփա շրջանին մէջ խօսուող հայերէնի իւրայատուկ բարբառներէն մէկը՝ համշէնահայերէնը, Չամլըհեմշինի մէջ առաւելապէս տարեցներու կողմէ օգտագործուող լազերէնը, Էտիրնէի տարածաշրջանին մէջ տարեցներու մէջ խօսուող գնչուական լեզուն, դարձեալ Էտիրնէի մէջ խօսուող կակաուզերէնը եւ Թուրքիոյ մէջ մօտաւորապէս շուրջ 5-6 հազար անձերու կողմէ գործածուող սեֆարտերէնը:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը առանձին-առանձին խօսած է անհետացման եզրին գտնուող գրեթէ բոլոր այս լեզուներու ներկայացուցիչներու հետ:
Համշէնահայերէն խօսողները հիմնականօրէն կը բնակին Արթուինի Խոփա շրջանին մէջ: Խոփայի Քեմալփաշա աւանին մէջ կը բնակին համշէնահայ Այշէ Ալկիւրը, իր զաւակին եւ հարսին հետ: Անոր միւս զաւակները տեղափոխուած են մեծ քաղաքներ:

«Երբ ես ծնայ, հոս հայեր չկային: Անոնք գացած էին, բայց իրենց լեզուն մնացած էր: Աչքս բացի՝ համշէնահայերէն լսեցի, մեծցայ՝ թրքերէն սորվեցայ», կը պատմէ Այշէն:
Քեմալփաշայի մէջ համշէնահայերէնը հիմնականօրէն տարեցներու կողմէ կը խօսուի, իսկ երիտասարդները թրքերէն կը խօսին: Տարեց համշէնցիներու մահով համշէնահայերէն խօսողներուն թիւը հետզհետէ կը նուազի:
Ըստ Այշէի՝ հոն ոչ ոք համշէներէնի այբուբենը գիտէր, գրել-կարդալ՝ նոյնպէս: Ան իր կեանքին ընթացքին որեւէ համշէնահայերէն գիրք չէ տեսած:
Այշէ Ալկիւրի դրացի Կիւնայ Շերեմեթ միայն մասամբ կը տիրապետէ համշէնահայերէնին, իսկ անոր 5 եւ 7 տարեկան երեխաները, կը հասկնան համշէնահայերէն, բայց չեն խօսիր: Շերեմեթ կը պատմէ, որ ամէն ձեւով փորձած է երեխաներուն համշէներէն սորվեցնել, բայց որովհետեւ թէ՛ բակին եւ թէ դպրոցին մէջ իշխող լեզուն թրքերէնն է, երեխաները արագօրէն կը մոռնան համշէնահայերէնը: