Ուրբաթ, 10 Օգոստոսի երեկոյեան, նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ բացումը վերանորոգեալ «Նունէ եւ Նինարէ Նազարեան» մատենադարանին, որուն բարերարութիւնը ստանձնած է քուէյթահայ տէր եւ տիկին Անուշաւան եւ Անահիտ Նազարեան ամոլը: Յայտնենք, որ մատենադարանը կը կրէ անոնց դուստրերուն անունները։
Ժապաւէնի հատումէն ետք, վեհափառը արտասանեց իր ողջոյնի խօսքը: Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բարերար ամոլին, յատկապէս ընդգծելով Անուշաւան Նազարեանի գործօն մասնակցութիւնը Քուէյթի եկեղեցական ու ազգային կեանքին մէջ: Հայրապետը ըսաւ, որ պարոն Նազարեան իր ժամանակն ու նիւթական աջակցութիւնը կը տրամադրէ եկեղեցաշինութեան ու ազգաշինութեան առաքելութեան մէջ, ու այս անգամ ան իր ներդրումը դրած էր Դպրեվանքին մատենադարանին վերանորոգման։
Կաթողիկոսը դիտել տուաւ, որ արհեստագիտութիւնը որքան ալ փոխէ կեանքի արժէքները, մատենադարանը կը պահէ իր անփոխարինելիութիւնը: Հակառակ թուայնացած աշխարհին պարգեւած դրութիւններուն, աշակերտին զարգացումը կ՛ամբողջանայ մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, անոր փորձառութենէն օգտուելով եւ անոր դարաններէն գիրքեր պրպտելով: Հայրապետը նաեւ շեշտեց կրթական հաստատութիւններուն մէջ մատենադարաններու գոյութեան անհրաժշտութիւնը, իսկ Դպրեվանքին մէջ այդ մէկը առաջնահերթութիւն է, որովհետեւ հոնկէ կը ծնին եկեղեցւոյ ու ազգին ծառաները: Մատենադարանը ունի կարծրացած միտքերը իրենց սահմաններէն դուրս հանելու կարելիութիւնը, ինչպէս որ մեր եկեղեցին կը ջանայ պատերը քանդելով երթալ քարացած սահմաններէն անդին։
Հայրապետին ողջոյնի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր, ուր Նունէ ու Նինարէ քոյրերը արտասանեցին «Ընկերը» եւ «Հայրենի Տուն, բանաստեղծութիւնները։
Աւարտին, կաթողիկոսը բարերարներուն յանձնեց յուշանուէր մը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ հրապարակուած «Նոր Արեւ» շարականներու խտասալիկին առաջին օրինակը: