ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Ակօս».- Պոլսոյ «Վերադարձ» հիմնարկի եւ «Նուբար» աւանդական երգի-պարի համոյթի ներկայացուցիչներ, Օգոստոս 5-12ի միջեւ Արեւմտեան Հայաստան կատարած ուխտագնացութեան ընթացքին, Քըլիճքայա (նախկին Սուր Վահան) գիւղին մէջ մասնակցեցան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Զինիի կոտորածի զոհերու ոգեկոչման միջոցառման:
1937-1938ի Տերսիմի ապստամբութենէն անմիջապէս ետք, Թուրքիոյ զինուած ուժերը դաժան կերպով ճնշելով ապստամբութիւնը՝ կազմակերպած են զանգուածային ջարդեր, որոնց զոհ գացած են հիմնականին մէջ ալաուի քիւրտեր եւ զազաներ, ինչպէս նաեւ՝ կրօնափոխ հայեր: Տարբեր տուեալներով՝ սպաննուած է 13,606էն մինչեւ 70,000 բնակչութիւն, ներառեալ՝ 100 հոգի Քըլըչքայա գիւղէն: Ուստի, ամէն տարի Օգոստոս 7ին, ալաուիները կը բարձրանան Զինի լեռ, մոմ կը վառեն, իսկ յաջորդ օրը կը հաւաքուին գիւղը եւ յարգանքի տուրք կը մատուցեն անմեղ զոհերու յիշատակին:
Զինիի կոտորածի 80րդ տարելիցի միջոցառման մասնակցած հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը՝ Արագած Ախոյեան, այս առթիւ ըսաւ. «Սիրելի՛ բարեկամներ, մենք պէտք է այստեղ ծնած ըլլայինք, բայց ծնած ենք այնտեղ՝ մեր միւս հայրենիքը: Մենք խորապէս կը հասկնանք եւ կը կիսենք ձեր ցաւը, միասին ենք ձեզի հետ ձեր պայքարին մէջ»:
Միջոցառման ներկայ էին նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Զէյնել Էօզեն եւ Ֆրանսայի ալաուիներու միութեան նախագահ Էլտար Քըլըչքայա, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական պատուիրակութեան՝ Թուրքիա գալուն եւ իրենց ցաւը կիսելուն համար:
(Քաղուած՝ Նազելի Աւագեանի թղթակցութենէն)