«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Այս Ուրբաթ՝ 17 Օգոստոսին, Լոս Անճելըսի հայութիւնը դարձեալ առիթ պիտի ունենայ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Հայաստանի մէջ իրականացած Թաւշեայ Յեղափոխութեան:
Ուրբաթ երեկոյեան, մեր բոլորին ժամադրավայրը պիտի ըլլայ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շրջափակը, ուր տեղի պիտի ունենայ հանրահաւաք՝ նոր իշխանութեանց հարիւրերորդ օրը նշանաւորելու եւ յայտարարելու մեր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու յեղափոխութեան առաջադրած նպատակներուն.
– Հայաստանի մէջ ստեղծել արդար իրաւակարգ
– Երկիրի իշխանութիւնը վերադարձնել քաղաքացիին
– Ժողովրդավարական սկզբունքներն ու օրինականութիւնը ամրապնդել
– Արժանապատիւ կեանք ապահովել քաղաքացիին
– Վերջ տալ մենաշնորհներուն
– Վերջ տալ փտածութեան՝ իր բոլոր դրսեւորումներով։
Ուրբաթ օր, մեր հաւաքի ուժը պիտի արձագանգէ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նոյն օրը հաւաքուած ժողովուրդի ձայնին, այնտեղ հնչած պատգամներուն, որոնք, մեր նախատեսութեամբ, պէտք է ընդգծեն համազգային համերաշխութեան, համախմբման կարեւորութիւնը:
Անցած հարիւր օրերը որքան ալ մեզ ոգեւորեցին՝ մէկ բան յստակ դարձուցին, որ մեր երազած երկիրը ստեղծելու ճանապարհը լի է բազմաթիւ խութերով, բազմաթիւ դժուարութիւններով, յեղափոխութեան երթը ականապատող ծուղակներով, յեղափոխութեան ձախողութիւնը ցանկացող ուժերու դաւերով: Պէտք է պահենք մեր զգաստութիւնը ու սթափ գործենք:
Այդ օր, մենք նաեւ պիտի մերժենք անհանդուրժողութեան բոլոր սերմերը, դրսեւորումները, որոնք միայն մեր ուժերը ջլատելու կը ծառայեն, կը պառակտեն մեր հաւաքականութիւնը: Մեր ազգի ու հայրենիքի, մեր պետականութեան դէմ ծառացած մարտահրաւէրները, մանաւանդ այն ապագան, զոր կը յաւակնինք կերտել մեզի եւ յաջորդող սերունդներուն համար, կը պահանջեն մեր բոլորին ուժերու լարումը, համակարգուած ու նպատակասլաց աշխատանքը:
Մենք պատրաստ ենք մեր ուժերով մասնակցելու այդ աշխատանքին, մասնակցելու առանց նախապայմաններու, առանց սակարկութիւններու:
Ուրբաթ, 17 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:30ին կը հանդիպինք մեր ժամադրավայրը, որուն հասցէն է 613 E. Broadway, Glendale։