ԵՐԵՒԱՆ.- «Էրմենիհապեր» լրատուական կայքը կը գրէ, որ Կարսի Տիկոր շրջանի իջեւաններէն մէկուն մէջ հայկական խաչքար մը յայտնաբերուած է։ Տիկորի շրջանի Հալըքըշլաք գիւղի նշեալ իջեւանին պատին վրայ ուղեւորներ զարդաքանդակներ նշմարած են ու այդ մասին տեղեկացուցած Տիկորի ոստիկանութեան։
Իրենց կարգին, իրաւապահ մարմինները տեղեակ պահած են Կարսի թանգարանի տնօրէնութիւնը, որմէ ետք թանգարանի աշխատակիցները պատմական արժէքով խաչքարը տեղափոխած են Կարս։
«Այս կոթողը, որուն նմաններուն յաճախ կը հանդիպինք Ք.Ե. 9րդ դարու հայկական ճարտարապետութեան ու մշակոյթին մէջ, քանդակազարդ գերեզմանաքար մըն է։ Անիկա հայերէնով՝ «խաչքար» կը կոչուի։ Անոնց վրայ բազմաթիւ են խաչի, կենդանիներու եւ երկրաչափական զարդանախշերը։ Մեր գտած խաչքարին վրայ կայ թեւաւոր խաչի կերպար մը։ Քարին վրայ կան երեք զանազան խաչերու, թռչունի եւ յաւերժութեան նշաններ։ Խաչքարը ունի 1.25 մեթր բարձրութիւն, 60 սանթիմեթր լայնք եւ 30 սանթիմեթր հաստութիւն», լրագրողներու ըսաւ Կարսի թանգարանի փոխտնօրէն Էօզլեմ Էլիւսթան։