ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Ինչ որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ Ապրիլ ամսուան ընթացքին, յստակ անուանումով մը կարելի է կոչել ժողովրդային պոռթկում, որ ապստամբութիւն յաջողցուց: Դժուար է չհիանալ այս ապստամբութեան վրայ ու չտօնել զայն ամէն առիթով: ժողովուրդի խոր համոզումէն բխած էր անիկա՝ իշխանութեան դէմ, կեղեքումին դէմ, ու տարիներու վրայ կուտակուած զրկուածութեան դէմ: Ամէնէն կարեւորը, ապագային մէջ լոյս տեսնող եւ յեղափոխական փոփոխութիւններ ակնկալող ապստամբութիւն մըն էր եղածը:
Բնականաբար ու անմիջապէս, երկու պարզ եւ ծանօթ հարցումներ կը ծագին այս ապստամբութեան հետ կապուած: Ցարդ, ի՞նչ փոխուեցաւ եւ ի՞նչ մնաց նոյնը: Նախ իբրեւ միտք եւ հասկացողութիւն, պէտք է յստակացնել, որ պատմութեան մէջ ամէն շարունակականութիւն, որքան ալ կայուն ըլլայ, իր մէջ ունի փոփոխութիւն կրող տուեալներ, իսկ ինչ որ փոփոխութիւն է, որքան ալ արմատական եւ յեղափոխական ըլլայ, իր մէջ տակաւին կը պահէ հինէն եկած շարունակականութիւն մը՝ ազգային հիմնական արժէքներով ներկայացող:
Այսպէս եղած ու մեկնաբանուած են աշխարհի յեղափոխութիւնները: Եթէ Հայաստանի մէջ եղած ապաստամբութիւնը պիտի շարունակուի ու զարգանայ իբրեւ յեղափոխութիւն, այդ պարագային՝ ազգային արժէքներու պահպանման կողքին, պիտի ակնկալենք տեսնել համակարգային արմատական փոփոխութիւն երկրի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային կեանքին մէջ: Համակարգային այս փոփոխութիւնն է, որ իմաստ կու տայ յեղափոխութեան եւ իր հետ կը բերէ նաեւ ժողովուրդի կենցաղային ու քաղաքական մտածելակերպի հիմնական զարգացումները:
Խորհրդածութեան երկու կէտ կ՛արժէ մէջբերել հոս: Մէկը պահպանողական մօտեցումն է, որ առաւելաբար կը կառչի շարունակականութեան միտքին եւ կը բացատրէ, որ յեղափոխութիւնները հիմնական ազդեցութիւն չեն ներկայացներ կեանքի հոլովոյթին մէջ: Այս միտքը համոզուած է, որ ժամանակի ընթացքին զարգացող կեանքի հոլովոյթը բնականաբար կը ճշդէ այն, ինչը փոփոխելի է: Առաւելագոյն պարագային, յեղափոխութիւնը իշխանափոխութիւն կը բերէ միայն, իսկ կեանքը կը շարունակուի իր ընթացքին մէջ: Հետեւաբար, անոնք, որոնք իշխանափոխութեամբ կը գոհանան, հիմնականին մէջ կը ծառայեն պահպանողական միտքին եւ նոյնիսկ ու յաճախ կը ներկայացուին իբրեւ հակայեղափոխականներ:
Յեղափոխութեան տարբեր մեկնաբանութիւն ունի արմատական մօտեցումը: Այս միտքը կառչած կը մնայ համակարգային հիմնական փոփոխութիւններու կարեւորութեան: Կառչած կը մնայ նաեւ ենթակառոյցին ու մարդ անհատի քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական առօրեայ կեանքին մէջ հիմնական բարեփոխութիւններու անհրաժեշտութեան: Հոս կ՛արժեւորուի յետ-իշխանափոխութիւն յեղափոխութիւնը, ուր պետական կառոյցները, ըլլա՛ն անոնք տնտեսական, թէ քաղաքական, ուղղակի կը շաղկապուին ու կը գործեն ժողովուրդի առօրեայ կեանքին հետ: Այսպէս, երկրի օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինները, ինչպէս նաեւ տնտեսական հաստատութիւնները, իշխանափոխութենէն ետք արմատական կամ յեղափոխական փոփոխութիւններ կ՛իրականացնեն համակարգէն ներս: Գործնականին մէջ, ժողովուրդին առօրեայ կեանքը զարգացնող օրէնքներ կ՛անցընեն ու կը գործադրեն:
Հետեւաբար, հայրենի ժողովուրդին համար յեղափոխութիւնը կը շարունակուի իշխանափոխութենէն ետք: Իսկ տօնակատարութեան արժանի՛ ապստամբութիւնը կ՛ըլլայ յեղափոխութեան առաջին քայլը: