ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛անդրադառնայ վերջին շրջանին երկրին մէջ քննուող քրէական գործերուն: Արման Թաթոյեան կը նշէ, որ վերջին շրջանի քրէական գործերուն առընչութեամբ ստեղծուած իրավիճակի ուսումնասիրութիւնը կը վկայէ, որ կը նկատուին շարք մը գործերու մէջ ներգրաւուած անձերու իրաւունքներու ոտնահարման վտանգաւոր միտումներ, օրինական ուժի մէջ մտած դատական վճիռի բացակայութեան պայմաններուն մէջ անոնց մեղաւորութեան՝ իբրեւ հաստատուած փաստի վերաբերեալ հասարակական ընկալումներ, այդ անձերու փաստաբաններու մասնագիտական աշխատանքին վերաբերեալ հասարակական ոչ ճիշդ պատկերացումներ: Այս բոլորին նպաստող գործօններէն են նաեւ պաշտօնատար անձերու յայտարարութիւնները:
Արման Թաթոյեան իր հաղորդագրութեան մէջ գրուած է.
«1. Յանցաւորութեան դէմ պայքարը, վստահաբար, պետութեան կարեւորագոյն յանձնառութիւնն է: Անիկա կոչուած է ապահովելու մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները յանցաւոր ոտնձգութիւններէ:
Այս հիմնարար խնդիրը, սակայն, նպատակին կրնայ ծառայել բացառապէս այն պարագային, երբ պահպանուին այդ հոլովոյթի իրաւական բոլոր սկզբունքները: Անոնցմէ շեղումը չի կրնար արդարացուիլ նոյնիսկ յանցաւորութեան դէմ պայքարի իրաւաչափ նպատակով:
- Քրէական գործով որեւէ ընթացակարգի անկիւնաքարային պահանջ է անմեղութեան կանխավարկածի՝ իբրեւ արդար դատաքննութեան իրաւունքի կարեւորագոյն բաղադրիչի պահպանումը: Ասիկա կ՛ենթադրէ, որ բոլոր մարմիններն ու պաշտօնատար անձերը պարտաւոր են ձեռնպահ մնալ անձի մեղաւորութեան մասին կանխակալ ու վաղաժամ գնահատականներէ՝ դատարանի օրինական ուժի մէջ մտած դատական վճիռի բացակայութեան պայմաններուն մէջ:
Իրենց յայտարարութիւններով առանձնապէս պէտք է զգոյշ ըլլան այն անձերը, որոնք կը զբաղեցնեն պետական պաշտօն, զոր քաղաքացին կ՛ընկալէ պետութեան, յատկապէս՝ յանցաւորութեան դէմ պայքարի ոլորտի ներկայացուցիչ: Ընդ որում, որքան բարձր է անձին պաշտօնն ու ստանձնած պատասխանատուութիւնը, այնքան աւելի բարձր են պահանջները անոր վարքագիծին ու խօսքին նկատմամբ:
- Անթոյլատրելի են նաեւ պետական մարմիններու կողմէ իրաւական բովանդակութենէ զուրկ եւ քրէական վարոյթին հետ առնչութիւն չունեցող այնպիսի ձեւակերպումներ եւ գնահատականներ, որոնք կրնան հասարակութեան մօտ զգայական արձագանգներ յառաջացնել կամ անմիջականօրէն նպաստել անոնց ձեւաւորման:
- Ասոնք արդար դատաքննութեան իրաւունքի կարեւորագոյն բաղադրիչի՝ անմեղութեան կանխավարկածի պահանջներն են: Անոնց չպահպանուիլը կրնայ արժեզրկել յանցաւորութեան դէմ պայքարի նպատակները եւ խաթարել արդարադատութեան ամբողջ գործընթացը:
- Վերջին ժամանակաշրջանի քրէական գործերուն հետ կապուած ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ պաշտօնատար անձեր կը կատարեն յայտարարութիւններ եւ կու տան գնահատականներ, որոնք ակնյայտօրէն կը յառաջացնեն անձի մեղաւորութեան՝ իբրեւ հաստատուած փաստի վերաբերեալ հասարակական ընկալումներ այն պայմաններուն մէջ, երբ չկայ օրինական ուժի մէջ մտած դատական վճիռը: Արդիւնք՝ կը յառաջանայ հանրային բարձր ճնշում դատարանին նկատմամբ:
- Այս այն գործօններէն է, որ նպաստած է նաեւ փաստաբաններու մասնագիտական աշխատանքին վերաբերեալ սխալ ընկալումներու ձեւաւորման, ընկերային ցանցերու մէջ փաստաբաններուն ուղղուած վիրաւորական մեկնաբանութիւններուն եւ նոյնիսկ սպառնալիքներուն: Այսպիսի մեկնաբանութիւններ արձանագրուած են նաեւ իրաւապաշտպան գործունէութիւն իրականացնող շարք մը անձերու կողմէ:
Անհրաժեշտ է նկատի ունենալ, որ փաստաբանը կը ներկայացնէ ու կը պաշտպանէ անձ մը, որուն պետութիւնը կը կասկածի կամ կը մեղադրէ որոշակի, բայց ենթադրեալ յանցանքի կատարման մէջ: Փաստաբանին առաքելութիւնն է այդ անձին համար քրէական վարոյթի ընթացքին ապահովել որակեալ իրաւաբանական օգնութիւն, իրաւական պատշաճ պաշտպանութիւն մեղադրանքէ: Ասիկա որեւէ ձեւով չի նշանակեր, թէ փաստաբանը կ՛արդարացնէ յանցագործութիւնները կամ կ՛ապահովէ անպատժելիութիւն: Փաստաբանի մասնագիտական գործունէութիւնը ուղղուած է հաւանական ապօրինի հետապնդումէ կամ ապօրինի ազատազրկումէ իւրաքանչիւրի պաշտպանութեան:
- Դիտարկումը կը վկայէ, որ կան նման ընկալումներու խորացման վտանգաւոր միտումներ՝ առաւել եւս նկատի ունենալով, որ ակնյայտօրէն աւելցած է թիւը այն անձերուն, որոնք ընդգրկուած են ընկերային ցանցերուն մէջ քննարկումներուն: Ընդ որում, զգալի թիւ կը կազմեն նաեւ առերեւոյթ կեղծ օգտատէրերը, որոնց մեկնաբանութիւնները կը յատկանշուին յարձակողապաշտութեամբ: Այս բոլորը, իրենց կարգին, յանգեցուցած են այլակարծութեան նկատմամբ անհանդուրժողականութեան խորացման:
- Միջազգային իրաւաբանութիւնը, այդ կարգին՝ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի նախադէպային իրաւունքը մեծ պատասխանատուութիւն կը դնէ պետութիւններուն վրայ նման իրավիճակ թոյլ չտալու համար: Նոյնիսկ, եթէ պետութիւնը ինք չէ նպաստած հասարակական կանխակալ ընկալումներու ձեւաւորման, նոյնն է՝ այդպիսի իրավիճակի պարագային պարտաւոր է համապատասխան մարմիններու միջոցով գործադրել առաւելագոյն ջանքեր իրավիճակը մեղմացնելու համար:
Վերջապէս, պէտք է յիշել, որ վերը նկարագրուածը կրնայ դրուիլ քրէական գործին ներգրաւուած անձերու իրաւունքներու խախտումներ արձանագրելու հիմքին մէջ, ինչ որ, իր կարգին, կրնայ յանգեցնել նաեւ քրէական հետապնդումի ենթարկուող կամ ենթարկուած անձի արդարացման»: