«Նարեկացի» արուեստի միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ամերիկեան օգնութիւնը 1918-1920թթ. Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մէջ» պատմական լուսանկարներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու բացառիկ ցուցահանդէսի հանդիսաւոր բացումը:
«Նարեկացի» արուեստի միութենէն կը յայտնեն, թէ առաջին անգամն է, որ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին հայերուն բազմաթիւ արհաւիրքներէ փրկելու «Երիտասարդ տղամարդոց քրիստոնէական միութեան» (ԵՄՔՄ-YMCA) կամաւորականներ Ճան Էլտըրի եւ Ճէյմզ Էրոլի գործադրած գերմարդկային ջանքերու պատմութիւնը՝ հիմնուած Էլտըրի անձնական օրագիրին, անոր մակագրած լուսանկարներուն եւ պահպանած բնօրինակ ծառայողական փաստաթուղթերուն վրայ:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը մեկնարկեց Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու օրհներգներով, որոնք հնչեցին Անոյշ Պարքլիի կատարումով (նուագակցող՝ Յարութիւն Թագուորեան):
«Աստուծոյ կամքով եւ նախախնամութեամբ տեղի ունեցած այս ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ Ամերիկայի եւ հայոց պատմութեան կարեւոր փուլի մը վրայ, երբ երկու ամերիկացի ԵՄՔՄի կամաւորներ միասին կանգնեցան եւ դիմակայեցին անարդարութեան՝ փրկելով բազմաթիւ հայ որբերու կեանքերը», բացման խօսքին մէջ յայտնեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան հիմնադիր Նարեկ Յարութիւնեան եւ ԵՄՔՄին նուիրեց «Նարեկացի» արուեստի միութեան իւրայատուկ պարգեւատրումը՝ միութեան խորհրդանիշով փոքրիկ խաչքար։
«Այս ցուցահանդէսին գաղափարը եկաւ, երբ Ճան Էլտըրի թոռնիկը իրենց ձեղնայարկէն գտնելով իր մեծ հօր արխիւները՝ զանոնք յանձնեց Ռուբէն Ատալեանին, որ այս բոլորը հաւաքագրեց եւ ներկայացուց ձեր ուշադրութեան», իր խօսքին մէջ ընդգծեց Ամերիկայի հայկական համագումարի խորհուրդի համանախագահ Վան Գրիգորեան:
Բացման ներկայ էր Եւրոպական ԵՄՔՄի գործադիր տնօրէն Վարդան Համբարձումեան, որ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով:
Ցուցադրութեան ներկայացուող այլ ամերիկացիներէն են՝ Թիֆլիսի մօտ Ամերիկայի հիւպատոս Ֆ. Ուիլլուկպի Սմիթ, որ կ՛աջակցէր մարդասիրական օգնութեան աշխատակիցներու գործունէութեան, Ռապըրթ Մըք Տաուըլ, որ ռազմաճակատ կը գտնուէր, երբ թրքական ուժերը ներխուժեցին եւ ասպատակեցին Ալեքսանդրաբոլը (Գիւմրին), դոկտոր Ճան Մէյն՝ Այոուա նահանգի «Կրիննըլ» համալսարանի նախագահը, որ Մերձաւոր Արեւելքի Ամերիկեան օգնութեան կոմիտէին կողմէ ականատես եղաւ Հայաստանի մէջ տիրող սարսափելի իրավիճակին, միսիոնար Կրէյս Նեփ եւ Ամերիկեան ԵՄՔՄի երկարամեայ նախագահ Ճան Մոթ, որ իր ընկերոջ՝ նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի խրախուսանքով երիտասարդ ամերիկացիներ ուղարկեց այնտեղ, ուր զինուորներու թիկունքին քաղաքացիական աջակցութիւն ցուցաբերելու կարիք կար:
Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Ռաֆիկ Մանսուր, Զաւէն Սարգսեան, Հայկ Դեմոյեան եւ այլ հիւրեր:
Ցուցահանդէսը ներկայացուցին Ամերիկայի հայկական համագումարը, Ուաշինկթընի մէջ Հայկական ազգային հիմնարկը (ANI) եւ «Նարեկացի» արուեստի միութիւնը։ Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 25 Օգոստոս: