
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին անհանգստութիւնը՝ Հայաստանի ներքին քաղաքական զարգացումներուն (ուղղակի կամ անուղղակի կերպով՝ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորման) վերաբերեալ եւ այդ մասին անոր հրապարակային արտայայտութիւնը անհանգստութեան մատնած է հայկական քաղաքական որոշ շրջանակներ:
Անհանգստութեան առաջին նշանները երեւցան, երբ Ռուսիոյ կողմէ հարիւր միլիոն տոլարի զէնքերու ապսպրանքին մատակարարումը հարցականի ենթարկող լուրեր հրապարակուեցան ռուսական մամուլին մէջ: Թէեւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարի մակարդակով այդ լուրերը հերքուեցան, վստահաբար անհանգստութեան նստուածք մը տակաւին մնաց մտահոգ շրջանակներու մօտ:
Արցախեան ճակատի մշտապէս վտանգաւոր կացութեան անակնկալ պայթիւնը՝ այն ենթադրութեամբ, որ նման բան մը կրնայ պատահիլ ռուսական դրդումով, իր սպասուած բոլոր ծանր հետեւանքներով, ամէնէն մտահոգիչ զարգացումը կրնայ ըլլալ այս բարդ իրավիճակին: Զէնքի մատակարարման կասեցումի նոյնիսկ ո՛չ հաւաստի լուրը, կրնայ զգուշացման ձեւ մը ըլլալ միայն: Յաջորդ զգուշացումը կրնայ աւելի՛ շօշափելի «պատժամիջոց» մը ըլլալ, ինչպէս օրինակ՝ Լարսի անցքի փակումը հայկական ապրանքատար մեքենաներուն առջեւ, կամ անոնց դէմ արհեստական դժուարութիւններու ստեղծումը: Հիմա արդէն իսկ ստեղծուած է նման կացութիւն մը, զոր լուծելու առաքելութեամբ Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարարը գործուղուած է Լարս:
Քոչարեանը պիտի պահուի՞ կալանքի տակ՝ յաւելեալ լարուածութեան դուռ բանալով հայ-ռուսական յարաբերութեանց մէջ, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները պիտի գտնեն ձեւը ռուսական պահանջներուն ընդառաջելու: Օգոստոս 9ին պիտի ստանանք հայկական պատասխանին ազդանշանը: Հայաստանի եւ Արցախի պատգամաւորներու մեծ խումբի մը միջնորդութիւնը կրնայ «պատուաւոր ելք» մը ներկայացնել հայկական կողմին՝ բեկանելու համար Քոչարեանը կալանքի տակ պահելու վճիռը: Հասկնալի՛ է, որ եթէ կալանքի միջոցը ազատութեան փոխելու ելքը համոզիչ չըլլայ, ապա Հայաստանի ինքնիշխանութեան հարցը կը դրուի նժարի վրայ, ինչ որ բաւական ծանր իրավիճակ կրնայ ստեղծել նոր իշխանութեան համար, յատկապէս՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր կուսակիցներուն, որոնց ամէնէն ուժեղ յատկանիշներէն մէկը ցարդ ցուցաբերուած ինքնավստահութիւնն է, երկրին տէրը ըլլալու զգացողութեան քարոզչութեան ընդմէջէն:
Իշխանութեան ամէնէն ուժեղ, ամէնէն անխոցելի պատասխանը այս վիճակին՝ վստահիլն է առանձնապէս դատարանի անկախ որոշումին, նախ իբրեւ քաղաքական ծրագիրի մէկ առաջադրանքի կիրարկում, ապա՝ հարցին լուծումը քաղաքական դաշտէն զուտ իրաւական դաշտի մէջ պահելու նախանձախնդրութեան իբրեւ ապացոյց:
Դատարանի որոշումը, այս պարագային, ընդունելի պէտք է ըլլայ թէ՛ ժողովուրդին (եթէ կալանքը փոխուի ստորագրութեամբ ազատ արձակումի), թէ՛ ռուսական կողմին համար (եթէ խափանման միջոցը պահուի), որ իր կարգին, հայկական դիւանագիտական ջանքերու առաւելագոյն լարումով պէ՛տք է համոզուի, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները այդ քայլով հակառուսական որեւէ դիրքորոշում չեն ցուցաբերեր։