ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Զինուորական ծառայութենէ խուսափելու յանցանքով մեղադրուած Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի որդի Տրդատ Խաչատրեան բանակ ծառայելու փափաք յայտնած է:
Նշենք, որ իրաւապահները ներկայիս քննչական գործողութիւններ կ՛իրականացնեն պարզելու համար, թէ արդեօք նախկին մարզպետի աւագ որդին նո՞յնպէս խուսափած է բանակէն:
Քննչական կոմիտէի նախագահի խորհրդական Սոնա Տռուզեան յայտնեց, որ 24ամեայ Տիգրան Խաչատրեան այժմ Հայաստանէն դուրս կը գտնուի:
Տարբեր աղմկայարոյց պատմութիւններով յայտնի Սուրիկ Խաչատրեանի (յայտնի «Լիցկա» ծածկանունով) երկու որդիներն ալ, ըստ իրաւապահներու, խուսափած են բանակէն՝ ներկայացնելով կեղծ փաստաթուղթեր:
Տրդատ Խաչատրեան հերքեց իր դէմ եղած մեղադրանքը եւ փափաք յայտնեց երթալ բանակ՝ ծառայելու:
Ինչո՞ւ ճիշդ այս օրերուն Տրդատը որոշեց ծառայել, երբ տարիներ առաջ, իր իսկ խօսքով, հիւանդութեան պատճառով չէ ծառայած: «Իմ կարծիքով, երեւի որ տեսել է քրէական գործ է յարուցուել, երեւի մտածում է՝ աւելի լաւ է, թէկուզ հիւանդ եմ, հիւանդ չեմ, գնամ ծառայեմ, մենակ թէ էս քաշքշուկներից պրծնեմ», ըսաւ Տրդատ Խաչատուրեանի փաստաբանը՝ Արմէն Մարտիրոսեան։