ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛ընդգծէ, որ անհրաժեշտ է վճռականօրէն շարունակել եւ ծաւալել Հայաստանի մէջ որեւէ ազդեցութենէ ճշմարտապէս անկախ եւ ազատ կառավարութեան մը ստեղծման գործը, համաձայն՝ ՀՅԴի հիմնադիր սկզբունքներուն, որոնցմով կուսակցութիւնը առաջնորդուած է շուրջ 130ամեայ իր գոյութեան ընթացքին եւ որոնք 2018ի գարնան յեղափոխութիւնը գլխաւորողներու պաշտպանածներն էին:
Նիկոլ Փաշինեանի ընտրութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութիւնը վճռական քայլերու ձեռնարկեց եղծանման բոլոր ձեւերուն դէմ, ըլլա՛յ տնտեսական, թէ ընտրական: Այս հանգամանքին վրայ հիմնուելով է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը ներգրաւուեցաւ համախոհութեան կառավարութեան մէջ եւ աշխուժօրէն կը գործէ ի խնդիր անոր յաջողութեան, իր երկու նախարարներով (տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան), ինչպէս նաեւ իր երկու մարզպետներով:
ՀՅԴն խանդավառութեամբ կ՛ողջունէ աւատապետներու դէմ ընթացող գործողութիւնները, երբ յատկապէս կը հաստատուի, որ անոնք կապեր ունեցած են իշխանութեան հետ: Իւրաքանչիւր աւատապետ բարգաւաճեցաւ շն-որհիւ քաղաքական ախտաւոր համակարգին, որ թոյլ կու տար գրեթէ համայն հայ ժողովուրդի ստեղծած հարստութեան՝ չնչին փոքրամասնութեան մը կողմէ յափշտակումը: Ազատութիւնը եւ անկախութիւնը կ՛ենթադրեն նաեւ անկողմնակալութիւն:
Այսպէս, ՀՅԴն մէկ կողմէ կը ցանկայ, որ ոչ մէկ աւատապետ խնայուի, եւ միւս կողմէ ալ կը փափաքի, որ ընտրական խարդախութիւններուն վրայ ամբողջական լոյս սփռելու միտող իրաւական ընթացակարգերը ընդարձակուին Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հիմնուած օրէն՝ բոլոր ընտրութիւններուն վրայ:
Պատին անկումէն ի վեր՝ եղծանումով սնանող աւատապետական համակարգին վերջ տալու ցանկութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ յամառ պայքար՝ ո՛րքան վարչապետի քաղաքական հակառակորդներուն, նո՛յնքան ալ անոր բարեկամներուն կամ դաշնակիցներուն դէմ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը վճռականօրէն կը ստանձնէ այդ դիրքորոշումը, եւ ա՛յդ է, որ կ՛ակնկալէ Հայաստանի կառավարութենէն, ինչպէս անիկա խոստացաւ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համախմբուած յեղափոխականներուն:
Այս համածիրին մէջ, ՀՅԴն կոչ կ՛ընէ՝ սահմանադրական կարգի տապալման հետաքննութիւնները տարածելու նաեւ Հայաստանի 1996ի նախագահական ընտրութիւններուն վրայ, որոնք ծանօթ են Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ի գործ դրած ընտրական ծաւալուն խարդախութիւններով:
Ինչ կը վերաբերի 2008ի ընտրութիւններուն, ՀՅԴ կը նշէ, որ եթէ այսօր տեղի ունենային իրաւական գործընթացներ, ինք պիտի ներկայանար որպէս տուժող կողմ, քանի որ նշեալ ընտրութիւններուն ի՛նք ալ ունէր թեկնածու մը, եւ թէ ամենայն խստութեամբ հակազդած էր Մարտ 1ին, ցուցարարներուն հանդէպ կիրարկուած բրտութիւններուն:
Եւ վերջապէս, ինչ կը վերաբերի Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի դէմ բողոքի շարժումին՝ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը զանազանէ անձը եւ հաստատութիւնը, ֆիզիքականն ու հոգեւորը: