ԵՐԵՒԱՆ.- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Հայաստանի վարչութիւնը, արձանագրելով, որ քաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան շնորհիւ վերականգնած է Հայաստանի քաղաքացիի ընտրելու եւ ընտրուելու ազատութիւնը, ստեղծուած է գաղափարներու մրցակցութեան հնարաւորութիւն՝ որոշած է մասնակցել յառաջիկային կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն:
Կուսակցութեան վարչութիւնը բանակցութիւններ սկսած է հնարաւոր դաշնակից քաղաքական ուժերու հետ: