Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանի լրատուական յայտագիրէն՝ 1 Օգոստոսին ի միջի այլոց հաղորդուեցաւ հետեւեալը. Հայաստանի բնակչութեան այժմու թիւը շուրջ 2.9 միլիոն է։ Մանրամասնութիւններ՝ վերջին շրջանին, քաղաքներէ հեռացած են շուրջ 6 հազար բնակիչ, գիւղերէ՝ աւելի քան 3 հազար։
Նոյն օրը, «Ազդակ»ի «50 տարի առաջ» սիւնակին մէջ կար Հայաստանէն լուրերու շարան մը, որոնցմէ մէկը կ՛ըսէր. 1968ի Յուլիսի վերջերուն, Հայաստանի բնակչութեան թիւը 2 միլիոն 340 հազար էր։
Մեկնաբանութիւն կ՛ուզէ՞ք…
***
31 Յուլիսին, ՀԱԿի մէկ ներկայացուցիչը՝ Զոյա Թադեւոսեան, մամլոյ ասուլիսի մը պահուն յայտարարած է, որ հայերս Արցախի մէջ Ատրպէյճանէն հող գրաւած ենք, եթէ կ՛ուզենք, որ Արցախի հարցը լուծում գտնէ, այդ հողերը պէտք է վերադարձնենք։ Առարկողի մը՝ ան խրատած է «պատմութիւն սորվիլ», շեշտելով, որ ինք պարզապէս կը յիշեցնէ եռանախագահներուն պաշտօնական տեսակէտը։
Արցախի պաշտօնական հակադարձութիւնը ծանօթ է. Թադեւոսեանը արդարօրէն որակուեցաւ դաւաճան, իսկ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարեց, որ ՀԱԿի ներկայացուցիչին դէմ դատական հայց պիտի յարուցէ։
Ատրպէյճանին հող վերադարձնելու եւ այդ ճամբով խաղաղութեան հասնելու «տեսութիւնը» նորութիւն չէ։ 90ականներուն, կար աւելին. Հայաստանի հարաւէն հողեր տալ Ատրպէյճանին՝ Արցախէն որոշ բաժիններ ունենալու փոխարէն։ Առաջին դրօշակիրներէն էր Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ Արցախի մէջ «գրաւեալ հողեր» Ատրպէյճանին վերադարձնելու չնաշխարհիկ տեսակէտ մը արտայայտեց նաեւ նախորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան, հազիւ տարի մը առաջ…
Արձանագրենք գոնէ երկու կէտ. նախ՝ եթէ պատմութիւն սորվելու Զոյայի մը թելադրանքը ընդունինք, պէտք է սկսինք այն օրերէն, երբ Ստալին կոչուած բռնատէրը բոլորիս ծանօթ հաշիւներով Արցախն ու Նախիջեւանը յանձնեց Ատրպէյճանին։ Սա ճշմարտութիւն մըն է արեւու տակ, որ թզենիի տերեւ մը իսկ չունի շուքի պատառիկ մը ունենալու համար։ Յետոյ, մեր՝ հայութեան ամբողջ պայքարը միշտ ալ չէ՞ ուղղուած միջազգային կամայականութեանց դէմ, հաշիւներու՝ որոնց այսօրուան դրօշակիրը կը կոչուին… «համանախագահներ»։
…Ժամանակն է, որ Հայաստանի մէջ որդեգրուի օրէնք մը, եւ որքան կարելի է՝ շուտ, որ ծանրագոյն պատիժներուն արժանացնէ պատմական ճշմարտութեանց ու մեր իրաւունքներուն մասին կասկած յարուցող նմանօրինակ արտայայտութիւններու հեղինակները։ Չի բաւեր ուրախանալ, որ Ֆրանսա կամ այլ երկիրներ պատիժի արժանի քրէական յանցանք կը նկատեն Ցեղասպանութեան ժխտումը։
Պէտք է իմաստութիւնը ունենալ նման ստրկամիտներու բեմ չտալու, եւ սա ո՛չ մէկ ձեւով կ՛ոտնակոխէ խօսքի ազատութեան սկզբունքը։ Նման վարձկաններու մասին երկար խօսիլն ալ չ՛արժեր։ Աւելի՛ն։ Պէտք է կոտրենք մեր կացինին այս տեսակի կոթերը…