ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- 1922ին հաստատուած Փասատինայի առաջին հայկական եկեղեցին՝ Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ Ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ, Կիրակի, Մայիս 27ին եւ ընտրեց վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը՝ իբրեւ եկեղեցւոյ նորընտիր աւագ հովիւ՝ 1 Յուլիսէն սկսեալ:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան նախապէս ծառայած է իբրեւ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան ծրագիրները համակարգող, Կլենտէյլի մէջ (Փետրուարէն Յուլիս, 2018) եւ եղած է աւագ հովիւը Թորոնթոյի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ (2016-2017): Նախապէս, ան եղած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցւոյ (1997-2015) եւ Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (1995-1997) աւագ հովիւը:
Վեր. Մկրտիչեան, ծնած է Քեսապ: Աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ ան ստացած է Մագիստրոսի տիտղոս, Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանէն, 1995ին, եւ ձեռնադրուած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կողմէ, 1999ին:
Վեր. Մկրտիչեան, որպէս Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ նորընտիր աւագ հովիւ իր անդրանիկ պատգամը փոխանցեց, Կիրակի, 8 Յուլիսին:
Յիշենք, թէ Կիրակի օրուան պաշտամունքները տեղի կ՛ունենան առաւօտեան ժամը 11ին:
Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանի պաշտօնակոչութեան յատուկ պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ, Կիրակի, 21 Հոկտեմբերին, կ.ե. ժամը 5ին:
Շնորհաւորութիւն եւ հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ պաշտամունքէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ «Տէրեան» սրահին մէջ:
Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հասցէն է՝ 339 S. Santa Anita Ave., Pasadena, CA 91107։
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցւոյ վարչութենէն)