«ԱՐԵՒԵԼՔ».- Իրաքի մէջ իր մահկանացուն կնքեց հանրայայտ հայազգի երաժիշտ Նուպար Պաշտիկեան, որ 60 տարի առաջ իր մասնակցութիւնը բերած էր Իրաքի ազգային սինֆոնիք նուագախումբի հիմնադրութեան գործին մէջ։ Կը շեշտուի որ Պաշտիկեանի մահով Իրաքի ազգային սինֆոնիք նուագախումբը մեծ կորուստ մը կրեց։
Իրաքահայ ջութակահար Նուպար Պաշտիկեան մեծ նպաստ ունեցած է 1948ին սինֆոնիք նուագախումբ մը հիմնելու գործին մէջ. նախ հաստատուած է Պաղտատի ֆիլհարմոնիք միութիւնը, իսկ աւելի ուշ՝ 1959ին, նախագահ Քասիմի օրով նուագախումբը պետականացուելով՝ դարձաւ ազգային սինֆոնիք նուագախումբ։
Նշենք որ Իրաքի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը տարածքաշրջանին մէջ հզօրագոյնը նկատուած է այդ օրերուն։