ՍՈՖԻԱ.- 22էն 28 Յուլիս, Պուլկարիոյ Պլակոյեւկրատ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 25րդ Ուսողութեան միջազգային մրցումը (International Mathematics Competition), որուն մասնակցեցան զանազան երկիրներէ 70 համալսարաններու խումբեր (351 մասնակից): Մրցումին՝ Հայաստանը ներկայացուց Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) խումբը՝ չորս մասնակիցներով, որոնցմէ երեքը՝ Արսէն Համբարձումեան, Գէորգ Մնացականեան եւ Ալպերթ Գէորգեան, արժանացան ոսկիէ, իսկ Վահագն Ալթունեան՝ արծաթէ մետալներու:
Մրցակցութիւնը անհատական եւ խմբային էր: Անհատական մրցումին Արսէն Համբարձումեան կիսեց պատուաւոր 12րդ եւ 13րդ դիրքերը: Խմբային մրցումին, Երեւանի Պետական համալսարանի խումբը գրաւեց չորրորդ դիրքը: Ասիկա աննախադէպ արդիւնք է ԵՊՀի խումբին համար. ցարդ լաւագոյն արդիւնքը խմբային հաշիւին մէջ եղած է եօթներորդ դիրքը:
Նշենք, որ Ուսողութեան միջազգային ուսանողական մրցումի առաջին դիրքը գրաւեց Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի խումբը, իսկ երկրորդ եւ երրորդ տեղերը գրաւեցին Իսրայէլի ազգային եւ Փիզայի բարձրագոյն դպրոցի խումբերը: