ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ նախաձեռնութեամբ Ծերակոյտի դեմոկրատ փոքրամասնութեան ղեկավարի օգնական Ռիչըրտ Տերպընի (Դ., Իլինոյ) եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամ Քեթրին Քլարքի (Դ., Մեսեչուսեց), Ծերակոյտին եւ Ներկայացուցիչներու տան յաջորդաբար ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Հայիթիի մէջ երկարամեայ անտառահատումներուն վնասները դարմանելու եւ վերանտառացման արշաւին զարկ տալու նպատակով բանաձեւեր, որոնց իրականացման պարագային կարելի պիտի ըլլայ նախքան 1990ական թուականներու մակարդակին հասցնել այնտեղի անտառներուն վիճակը։
Արեւելեան Մեսեչուսեցի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արամ Քալիկեան ողջունեց Քլարքի, իսկ Իլինոյի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Մարալ Վարդաբեան-Աբրահամեան ողջունեց Տերպընի բանաձեւերուն ներկայացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով քոնկրեսականներուն։
Սոյն արշաւին գործնականապէս աջակցելու համար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է համացանցային արշաւի մը, որուն կարելի է մասնակցիլ՝ այցելելով anca.org/forest կայքէջը։
Ըստ պատմական տուեալներու՝ ներկայ Հայաստանի տարածքին մօտաւորապէս 35 տոկոսը անտառապատ եղած էր, սակայն այդ համեմատութիւնը յաջորդաբար 12 եւ 6 տոկոսի իջած է՝ 1990ին եւ 2016ին։
Այս մասին յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, այցելել http://anca.org/assets/pdf/ANCA_Reforestation_Factsheet.pdf կայքէջը, իսկ բանաձեւերը կարդալու համար՝ http://anca.org/assets/pdf/Haiti_Armenia_Reforestation_Bill_Text.pdf կայքէջը։