ԵՐԵՒԱՆ.- Միլանի մէջ աւարտին մօտեցող ծանրամարտի Եւրոպայի պատանեկան մրցումներուն ոսկիէ մետալ նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչ, 77 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգի պայքարին մէջ հանդէս եկած Կարէն Մարգարեան:
Պատանի ծանրորդը երկամարտին արձանագրեց 313 քիլոկրամ արդիւնք: Ան նաեւ փոքր ոսկիէ մետալներ նուաճեց հրում (168 քիլոկրամ) եւ պոկում (145 քիլոկրամ) վարժութիւններուն:
Կարէնի նուաճումով, Հայաստանի խումբը հինգ մետալ ապահովեց Միլանի մէջ:
Նշենք, որ 77 քիլոկրամ ծանրութիւն ունեցող Յարութիւն Գրիգորեան, 50 քիլոկրամ ծանրութեամբ Գոռ Սահակեան եւ մինչեւ 75 քիլոկրամ ծանրութեամբ Մարգարիտա Առաքէլեան դարձան Եւրոպայի պատանեկան ախոյեան, իսկ Մնացական Աբրահամեան (69 քիլոկրամ) արժանացաւ արծաթէ մետալի: