ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ «Ուրացման Ճարտարապետները» («Architects of Denial») վաւերագրական ֆիլմին արտադրութեան մասնակցած խումբը՝ Տէյվիտ ՄըքՔենզի, Մոնթել Ուիլեըմզ, Տին Քէյն, Լորա ՄըքՔենզի եւ Էլիզապէթ Սթենթըն, որոնք պիտի ստանան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Լրատուութեան մարզին մէջ գերազանցութեան մրցանակ»ը։
««Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմին արտադրութեամբ եւ լայնածաւալ ցուցադրութեամբ, ինչպէս նաեւ անոր առնչուող «Ուրացում» պատկերասփիւռի յայտագիրին պատրաստութեամբ եւ Հայաստանի նուիրուած ճամբորդական յայտագիրներու արտադրութեամբ, Տէյվիտ ՄըքՔենզի եւ իր խմբակը Հայկական Հարցը հասցուցած են մեծ զանգուածի մը՝ նպաստելով թրքական եւ ատրպէյճանական ապաքարոզչութեան դէմ դնելու Հայ Դատի արշաւին, նոյն ժամանակ աւելի ազդու դարձնելով զայն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան։

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, արտադրութեան ընթացքին, մօտէն գործակցած էր Տէյվիտ ՄըքՔենզիի եւ անոր խմբակին հետ, յատկապէս «Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմին եւ «Ուրացում» յայտագիրին, որոնք նուիրուած էին ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլ նաեւ Արցախի, Պաքուի, Սումկայիթի եւ Կիրովապատի մէջ հակահայ գործողութեանց եւ ջարդերու ուրացման արշաւներուն։
Այս ծրագիրներուն կողքին, Լորա ՄըքՔենզի եւ Էլիզապէթ Սթենթըն Հայաստանի նուիրուած ճամբորդական յայտագիրներ արտադրած են, լուսարձակի տակ առնելով երկրին հարուստ պատմութիւնը եւ մշակոյթը։
Յայտնենք, որ Կիրակի, 7 Հոկտեմբերի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, կ.ե. ժամը 4։30էն սկսեալ։ Ձեռնակը առիթ մըն է քննելու Հայ Դատի վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը ու պատուելու Հայ Դատին ի նպաստ գործունէութիւն ծաւալած գործիչներ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (81) 500-1918 թիւին: