Ըստ «Ժողովուրդ» օրաթերթին՝ Հայաստանի պետական պարտքը 30 Յունիսին կը կազմէր 6 միլիառ 704.2 միլիոն տոլար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ երկրին պարտքը սկսած է նուազելու:
Յատկանշական է, որ պետական պարտքը սկսած է նուազելու թաւշեայ յեղափոխութենէն յետք, եւ այս երկու ամսուան ընթացքին այդ միտումը կը պահպանուի:
Մինչ տարեսկիզբին պարտքը 6 միլիառ 774.6 միլիոն տոլար էր, 30 Յունիսին՝ 6 միլիառ 704.2 միլիոն տոլար:
Նշենք, որ այս պարտքին մեծ մասը կառավարութեան պարտքն է՝ 6 միլիառ 134 միլիոն 200 հազար տոլար, որուն 4 միլիառ 879 միլիոն 100 հազար տոլարը արտաքին պարտք է, իսկ մնացեալ 1 միլիառ 255 միլիոն տոլարը՝ ներքին պարտք:
Ըստ «Ժողովուրդ»ի տուած գնահատականին՝ այս իրավիճակը նոր կառավարութեան վարած քաղաքականութեան արդիւնքն է, որովհետեւ Նիկոլ Փաշինեան իր վարչապետութեան երեք ամիսներուն ընթացքին պետական նոր պարտք չէ աւելցուցած, այլ ընդհակառակն՝ նշուած ժամանակաշրջանին պարտքի վճարում կատարուած է: