ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին, կառավարութեան նիստին սկզիբը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Փանիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցածը անթոյլատրելի միջադէպ է:
Յիշեցնենք, որ 17 Յուլիսին, Գիւմրիի ռուսական 102րդ ռազմակայանի զինուորները, առանց նախապէս զգուշացնելու տեղւոյն իշխանութիւնները եւ բնակիչները, զօրավարժութիւններ կատարած էին, ռազմական ինքնաշարժներով մտցնելով Փանիկ գիւղ:
«Ես ուզում եմ յստակ արձանագրել, որ դա անթոյլատրելի միջադէպ է: Եւ դա համարում եմ սադրանք ընդդէմ հայ-ռուսական բարեկամական յարաբերութիւնների եւ սադրանք ընդդէմ Հայաստանի ինքնիշխանութեան: Կարծում եմ՝ մեղաւորները պէտք է յայտնաբերուեն եւ պատասխանատուութեան ենթարկուեն», յայտնեց վարչապետ Փաշինեան:
Փաշինեան նաեւ նշեց, որ դեռ հարց կայ հասկանալու, թէ ինչ ընթացակարգերով պէտք է հետաքննուի այս միջադէպը, որովհետեւ պէտք է պայմանագիրներու ներհայաստանեան օրէնսդրութեան հետ յարաբերութիւններու հարցը պարզաբանել։ «Ամէն դէպքում ես տեղեակ եմ, որ ոստիկանութիւնում նիւթեր նախապատրաստւում են եւ յոյս ունեմ յետագայ ընթացքը արդիւնաւէտ կը լինի», յայտնեց վարչապետը: