ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Նախկինում ամէն ինչ շատ սահուն է եղել, բայց՝ նոր էջ պէտք է բացել», Յուլիս 18ին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներ այցելող Հայաստանի փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներուն հետ իր հանդիպման ընթացքին։
«Ես կարծում եմ ժամանա՛կն է, որ բոլորովին այլ մակարդակի վրայ բարձրացուեն մեր յարաբերութիւնները եւ ոչ թէ խօսենք անցեալը սահուն շարունակելու մասին: Ես խնդրում եմ, իմ ուղերձը շատ բառացի ընկալել եւ նաեւ գործընկերներին փոխանցել տարբեր քննարկումների ժամանակ։ Աննախադէպ խաղաղ դեմոկրատական յեղափոխութեան շնորհիւ աշխարհում յայտնուել է մի նոր ժողովրդավարական պետութիւն, եւ այդ ժողովրդավարութիւնը պէտք է պաշտպանել», աւելցուցած է ան:
Փոխվարչապետ Միրզոյեան նաեւ կոչ ըրած է քոնկրեսականներուն, որ աջակցին Հայաստանին յատկացուող ամերիկեան օգնութեան ծաւալները աւելցնելու ջանքերուն:
Ուաշինկթընի մէջ Արարատ Միրզոյեան Չորեքշաբթի օր բանակցութիւններ վարած է արտաքին գործոց նախարարութեան շարք մը պաշտօնատարներու հետ, հանդիպած է շարք մը ծերակուտականներու եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներու, ինչպէս նաեւ՝ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հետ։
Հայաստան մտադիր է շարունակել համագործակցութիւնը Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի հետ, նշած է փոխվարչապետը՝ շեշտելով, որ Երեւան կ՛առաջնորդուի Հայաստանի շահերով։ «Մենք չենք կարող թոյլ տալ շատ կտրուկ շրջադարձ», աւելցուցած է:
Քոնկրեսականներ Փալոն, Վալատաօ եւ Թրաթ հետաքրքրուած են Եւրոմիութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններով, Արցախի տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումով եւ Հայաստանի մէջ ընթացող զեղծարարութեանց դէմ պայքարով, որուն յաջակցութիւն՝ Տէյվիտ Թրաթ առաջարկած է այդ առնչութեամբ Քոնկրեսի յատուկ հռչակագիր մը վաւերացնել։
Ֆրենք Փալոն եւս ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը կրնայ օրինակ ծառայել Հայաստանի դրացի երկիրներուն։ «Իսկ մեր կողմէ ամենակարեւոր քայլը՝ մեր երկիրներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու մակարդակը բարձրացնելն է», աւելցուցած է Փալոն՝ նշելով, որ Հայաստանի թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Արարատ Միրզոյեան Միացեալ Նահանգներ այցելած Հայաստանի առաջին բարձրաստիճան պաշտօնատարն է, որ անձամբ մասնակցած է այդ յեղափոխութեան:
Միրզոյեան իր կարգին ըսած է, թէ տասնամեակներ շարունակ Հայաստանի քաղաքացիները երազած են ունենալ ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն, որ ցարդ չէր յաջողած: «Բայց մենք չենք յանձնուել, եւ ինչպէս տեսնում էք, մենք կարողացանք յաղթել», շեշտած է ան:
Հանդիպման ընթացքին քոնկրեսականները ընդգծած են նաեւ, որ փափաքլի է իրականացնել Թրամփ-Փաշինեան հանդիպում մը, որուն համար լաւագոյն առիթը յառաջիկայ Սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿի վեհաժողովն է: