ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) սեղանին ապօրինի հարստացած պաշտօնեաներու վերաբերեալ մեծ ծաւալի նիւթեր կան: Հինգշաբթի, 19 Յուլիսին, լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին, այս տեղեկատուութիւնը հաստատեց ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեան:
«Արդեօք կրկին ՀՀԿ շրջանակներէ՞ն են այդ մարդիկ» հարցումին պատասխանելով՝ Վանեցեան ըսաւ. «Կարող են լինել եւ ՀՀԿ, եւ այլ շրջանակներից»:
Հարցումին՝ թէ արդեօք ԱԱԾն չէ՞ թերացած՝ թոյլ տալով վերջին շրջանին յարուցուած քրէական գործերով հետախուզուող անձերուն, մասնաւորապէս, Միքայէլ Յարութիւնեանին եւ Նարեկ Սարգսեանին երկրէն դուրս գալ, Արթուր Վանեցեան նշեց. «ԱԱԾն չի թերացել, ցանկացած մարդ, ում մեղադրանք առաջադրուած չէ, ով քրէական գործի շրջանակներում կարգավիճակ չունի, ազատ է տեղաշարժուելու»:
ԱԱԾ տնօրէնը տեղեկացուց նաեւ, որ հետախուզման գործերով կը զբաղի ոչ միայն իրենց կառոյցը, այլ նաեւ ամբողջ իրաւապահ համակարգը:
Ծանեցեան նշեց, որ մեղադրեալներուն նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում նաեւ «Ինթըրփոլ»ին միջոցաւ: