«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Օգոստոս 14ին կը լրանայ «Ասպարէզ»ի հիմնադրութեան 110րդ տարին: Բոլոր այս տարիներուն ընթացքին, թերթին ծառայութիւնը հայ համայնքին եղած է նուիրումով, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, մի՛շտ ազգային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէն, իր ընթերցողները հայկական իրադարձութիւններուն մասին ամէնէն ամբողջական կերպով իրազեկ դարձնելու նախանձախնդրութեամբ:
Կը խոստովանինք, որ այս ծառայութիւնը միակողմանի չէ եղած: «Ասպարէզ»ը այս բոլոր տարիներուն վայելած է հայ համայնքին սէրը, յարգանքը եւ լայն աջակցութիւնը, առանց որուն կարելի պիտի չըլլար այս ափերուն վրայ հայկական թերթ պահել, այդ ալ՝ օրաթերթ: Որքա՛ն ալ փորձենք, եւ վստա՛հ եղէք որ մեր կարելին ըրած ենք, թերթը ինքնաբաւ դարձնել բաժանորդագրութեան եւ ծանուցումներու միջոցաւ, մեր իրականութեան մէջ հրաշքի համազօր պիտի ըլլար այդպիսի նուաճում մը արձանագրելը: Բայց, այո՛, թերթը ինքնաբաւ է՝ շնորհիւ մեր ընթերցողներու, հովանաւորներու ու բարերարներու բարոյական եւ նիւթական աջակցութեան:
Բարոյական աջակցութիւնը կը տեսնենք, երբ թղթատարական ծառայութեան թերացումներուն պատճառով թերթը կ՛ուշանայ հասնելու անոր անհամբեր սպասող բաժանորդին, որ իր կարգին նոյնիսկ իր զայրոյթը մեզ կը փոխանցէ շոյող, փաղաքշող խօսքերով՝ խուսափելով որեւէ յանդիմանական կամ մեղադրական շեշտ զգացնելէ:
Երախտապարտ ենք եւ մեր երախտագիտութիւնը փոխանցելու միակ ճանապարհը կը նկատենք աւելի՛ սիրով, աւելի՛ նուիրումով գործին փարիլը: Պիտի շարունակե՛նք աշխատիլ եւ վստահ ենք, որ դո՛ւք ալ պիտի շարունակէք մեզի թիկունք կանգնիլ: Այս տարին յոբելենական ըլլալով, մենք բաւական փառասէր առաջադրանքով ճամբայ կ՛ելլենք՝ նպատակ ունենալով շօշափելի գումար մը ապահովել թերթին, բոլոր առումներով անկիւնադարձային այս շրջանին։ Իրենց այժմէականութիւնը պարտադրող ծրագիրներ այլեւս կարելի չէ յետաձգել, կարելի չէ ներկայ ժամանակներուն ընծայած արհեստագիտական կարելիութիւնները միայն մասնակիօրէն օգտագործել:
Միասի՛ն եկէք այս հանգրուանն ալ պատուով աւարտենք: Նուիրեցէ՛ք ձեր թերթին: 110րդ տարեդարձի ձեր նուէրներուն կը սպասենք: Նուէրի ծանուցումը կրնաք տեսնել էջ 18ի վրայ: Նաեւ, ձեր օրացոյցին մէջ արձանագրեցէք 21 Հոկտեմբերը, երբ ճաշկերոյթո՛վ պիտի տօնենք ձեր «Ասպարէզ»ին տարեդարձը: