ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10րդ կայանը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ յառաջացուցած են միացեալ խմբակ մը, որ ունի Իրանի հասարակութիւնը իր վարչակարգին դէմ հանելու աշխատանք տանելու պարտականութիւնը:
Խմբակը կազմուած է Իրանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցոյցերու լոյսին տակ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութիւնը ու մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ անոր ներկայութիւնը սանձելու ծիրին մէջ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը նշեալ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ այս մէկը մաս կը կազմէ անցեալ տարի Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ Իրանը զսպելու վերաբերեալ ստորագրուած փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթին:
Ստեղծուած խմբակը պիտի փորձէ շահագործել իրանեան վարչակազմին ներքին տկար կէտերը՝ անոր վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար։
Ըստ կայանին՝ Իսրայէլի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Մայիր Պեն Շապաթ քանի մը շաբաթ առաջ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցած է իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճան Պոլթընի հետ եւ քննարկած է սոյն հարցը:
Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն, Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ սկսած են համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցով պատգամներ յղել իրանցի ժողովուրդին, իսկ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու չորս տեսանիւթեր պատրաստել տուած է՝ Իրանի մէջ ցոյցերը քաջալերելու համար: