ԵՐԵՒԱՆ.- Ֆրանսա կ՛ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ կարելիութիւն պիտի տայ, որ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի բանակցային հոլովոյթը յառաջխաղացք արձանագրէ: Այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ՝ պատասխանելով այն հարցումին, թէ իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող երկիր, Ֆրանսան ի՞նչ դիրքորոշում ունի Արցախը բանակցային սեղան վերադարձնելու հայկական կողմին մօտեցումին վերաբերեալ:
«Սակայն խօսքը կը վերաբերի բանակցային հոլովոյթին, որուն կը մասնակցին բազմաթիւ կողմեր: Պէտք է մասնակցող բոլոր կողմերը բանակցային ձեւաչափին առնչութեամբ հասարակ յայտարարի գան», ըսաւ ան:
Դեսպանը յիշեցուց, որ Յունիսին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները Հայաստանի կը գտնուէին՝ ծանօթանալու հայաստանեան նոր իշխանութիւններուն որդեգրած մօտեցումներուն:
«Այս մէկը բան մըն էր, որ կարելիութիւն ստեղծեց արդէն երէկ արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով Հայաստան-Ատրպէյճան հանդիպում իրականացնելու: Կարեւոր է, որ բանակցային հոլովոյթը շարունակական ըլլայ», ըսաւ ան:
Դարձեալ անդրադառնալով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած այն տեղեկութեան, թէ Ֆրանսա վերցուցած է Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու սահմանափակումները, դեսպան Լաքոթ ըսաւ, որ Ֆրանսա մանրակրկիտօրէն կը կատարէ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնք կը բխին միջազգային օրէնքներէն՝ զերծ մնալ եւ ընդհանրապէս ո՛չ զէնք, ո՛չ զինամթերք մատակարարել, որոնք կ՛ենթադրուի, որ կրնան օգտագործուիլ Արցախի մէջ:
Ան նշեց, որ տագնապը չի կրնար ուժի կիրարկումով լուծում ունենալ: «Միայն խաղաղ միջոցով լուծում կրնայ առաջարկուիլ Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան: Այս միտքը յայտնեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ Մաքրոն Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին», ըսաւ դեսպանը՝ նշելով, որ կը պատկերացնէ եւ կը գիտակցի, թէ որքա՛ն ծանր կը կշռէ այս տագնապը հայ հասարակութեան համար:
Ֆրանսայի դեսպանը, պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ֆրանսա ե՞րբ կը պատրաստուի վաւերացնել Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համաձայնագիրը՝ յայտնեց. «Կառավարութեան կողմէ համաձայնագիրի վաւերացման փուլը արդէն աւարտած է, հիմա մենք արդէն պէտք է թեւակոխենք խորհրդարանին կողմէ համաձայնագիրի վաւերացման փուլը»: