ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փայլածու Գափթանեանի կեանքը Ամերիկայի մէջ ծանօթ է շատերուն։ Ան ապրելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անցնելով աքսորի տանջալից ճամբաներէն՝ յայտնուած է Ամերիկայի մէջ, վերագտած է իր ընտանիքը ու դարձած Ամերիկայի ամենայայտնի բրինձ փիլաւի՝ «Ռայս-Ը-Ռոնի»ի բաղադրատոմսի հեղինակը։
Փայլածու Գափթանեանի՝ մինչեւ 1915 կեանքին մասին քիչ բան յայտնի է։ Ան ծնած է 1882ին եւ ստացած է եւրոպական փայլուն կրթութիւն, իսկ 1915ի օրերուն, ամուսնոյն մահէն ետք, իր երեք երախաները յանձնած է Օսմանեան կայսրութենէն փախչող յոյն ընտանիքի մը, իսկ ինք հազարաւոր հայերու հետ յայտնուած է սուրիական անապատին մէջ։
Փայլածու յետագային դարձաւ մէկը այն քիչերէն, որոնք կրցան անապատէն հասնիլ Հալէպ, իսկ զաւակներուն վերամիանալէ ետք՝ կրցաւ անոնց հետ գաղթել Ամերիկա։
Ամբողջ պատմութիւնը, որ տեղի ունեցած է հայ ժողովուրդին համար ողբերգական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, նկարագրուած է Փայլածուի «Արտաքսուածի Յուշեր» գիրքին մէջ։ Այս գիրքը մէկն է այն աղբիւրներէն, որոնք հիմք դարձած են Ցեղասպանութիւն եզրոյթի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի ուսումնասիրութեանց, որոնց նպատակն էր ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլել եւ պատժել։
Գտնելով իր զաւակները՝ Փայլածու Գափթանեան 1920ականներուն կը հաստատուի Նիւ Եորք, ուր կը սկսի իբրեւ դերձակ աշխատելու Ամերիկայի 32րդ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթի առանձնատան մէջ։
1940ականներուն, Գափթանեան ընտանիքը կը տեղափոխուի Սան Ֆրանսիսքօ (Քալիֆորնիա)։ Հոն, Փայլածու կը ծանօթանայ իտալաամերիկացի Տէ Տոմենիքը մականունով ճանչցուած գործարանատիրոջ մը որդիներուն հետ։ Այս ընտանիքը «Կոլտըն Կրէյն» մաքարոնիի ընկերութեան սեփականատէրն էր։ Փայլածու, որ այդ ժամանակ արդէն 70 տարեկան էր, իտալացի ընտանիքին սորվեցուց ո՛չ միայն իր պատրաստած հայկական խոհանոցի տարբեր ճաշատեսակները, այլեւ անոնց հետ կիսեց իր հայկական փիլաւով բաղադրատոմսը, որ «Ռայս-Ը-Ռոնի» անունով դարձաւ Ամերիկայի ամէնէն նշանաւոր ապրանքանիշերէն մէկը։
Գափթանեան մահացաւ 1968ին։ Աքսորի ճամբուն մասին անոր գրած օրագիրը ներկայիս թարգմանուած է աշխարհի բազմաթիւ լեզուներու, իսկ հայկական բաղադրատոմսը արդէն 60 տարիէ ի վեր կը նկատուի ամենապահանջուածներէն մէկը Ամերիկայի տարածքին։