Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութիւնը պիտի նախաձեռնէ Հայաստանի մէջ մէկանգամեայ օգտագործման «փլասթիք»ի արգիլման գործընթաց: Այս մասին, ըստ «Նի-ուզ»ի, 10 Յուլիսին, լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց բնապահպանութեան նախարար Էրիկ Գրիգորեան:
«Գործընթացը պիտի մեկնարկէ մէկ համայնքէ, այնուհետեւ պիտի իրականացուի մարզի մակարդակով, եւ որոշ ժամանակահատուածի մը ընթացքին Հայաստան պիտի միանայ ա՛յն երկիրներուն, ուր մէկանգամեայ օգտագործման «փլասթիք»ը արգիլուած է», նշեց նախարարը:
Ան յայտնեց, որ «փլասթիք»ին այլընտրանք պիտի առաջարկուի: «Համայնքին մէջ, ուր ձեռնարկներ պիտի իրագործենք, կերպասէ տոպրակներ պիտի բաժնենք, «փլասթիք» շիշերու վերամշակում պիտի իրականացնենք», ըսաւ ան:
Նախարար Գրիգորեան նաեւ աւելցուց, որ այդ ծրագիրին իրականացման համար նիւթական միջոցներ կան: «Նիւթական միջոցներ ունինք միջազգային գործընկերներէ, պիւտճէէն դրամ պիտի չառնենք», ըսաւ բնապահպանութեան նախարարը:
Նշենք, որ մէկանգամեայ օգտագործման «փլասթիք»ը արգիլուած է աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ: