Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեպ Թայիփ Էրտողանի երդման պաշտօնակալման արարողութեան: Գումգաբուի աղբիւրները հրապարակեցին Պեշթեփէի համալիրին մէջ նկարահանուած Էրտողանի եւ Աթէշեանի լուսանկարը, որ կը ներկայացնէ Աթէշէանի կողմէ Էրտողանին շնորհաւորութիւններու փոխանցման պահը: Այս նկարին մէջ ցոլացող ջերմութիւնը պարզապէս տհաճ զգացում մը կը փոխանցէ մեզի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.