ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը եւ իսրայէլեան «Aeronautics» ընկերութիւնը միասնաբար նոր տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր արտադրելու վերաբերեալ համաձայնագիր մը ստորագրած են:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարարութեան՝ փաստաթուղթը ստորագրուած է պաշտպանական արդիւնաբերութեան փոխնախարար Եահիա Մուսայեւի եւ «Aeronautics» ընկերութեան տնօրէններու խորհուրդի ղեկավար Ետիտա Եաարինիի միջեւ կայացած հանդիպման աւարտին:
Կողմերը նաեւ ողջունած են տարբեր տեսակի անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող «Ազատ Սիսթեմզ»ի համատեղ ընկերութեան բարեյաջող աշխատանքը։