
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ սկսաւ «Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ» հիմնադրամի խորհուրդի անդրանիկ նիստը:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ նիստին ներկայ հոգաբարձուներու խորհուրդի 11 անդամները միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հիմնադրամի նախագահի պաշտօնին համար ընտրեցին Ռայմոնտ Գէորգեանը: Վլատիմիր Վարդանեան նշանակուեցաւ հոգաբարձուներու խորհուրդի քարտուղար:
Նիստը վարող խորհուրդի անդամներէն ամէնէն տարեցը՝ Հրանոյշ Խառատեան, ըսաւ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրամանով արդէն հաստատուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմը: Նիստին ընթացքին մրցոյթ յայտարարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի պաշտօնի ընտրութեան համար: Կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Յովհաննէս Յովհաննիսեան առաջարկեց թանգարան-հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները յանձնել հիմնարկի գիտութեան քարտուղար Նարինէ Մարգարեանին:
Առաջարկը խորհուրդի անդամները ընդունեցին միաձայնութեամբ: