
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կու գայ տեղեկացնելու 200,000 աւստրալիական տոլար (շուրջ 153,000 ամերիկեան տոլար) յատկացումի մասին, որ պիտի կատարուի Հայ Օգնութեան Միութեան՝ ըստ հանգուցեալ տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Ծովինար Մատթէոսեաններու կտակի ցանկութեան: Մատթէոսեանները, որոնք մի՛շտ պատրաստ եղած են օգնելու ՀՕՄի համահայկական ծրագիրներու լաւագոյնս գործադրման, իրենց մահկանացուն կնքեցին 2017ին՝ կտակելով վերոյիշեալ գումարը Հայ Օգնութեան Միութեան, իբրեւ գրաւական այն հաւատքին, զոր ամոլը ունէր ՀՕՄի մարդասիրական առաքելութեան եւ անկէ բխող այլազան ծրագիրներու կենսարար արդիւնաւէտութեան հանդէպ:
Ի տես այս առատաձեռն նուիրատուութեան՝ Աւստրալիոյ ՀՕՄի ատենապետուհի Նորա Սեւակեան նշեց. «Այսպիսի մեծ գումար մը ՀՕՄի «Մօր ու Մանկանջջջջ առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան յատկացնելու որոշումը ցոյց կու տայ կտակարարներուն օրինակելի նուիրումը՝ հանդէպ գաղութին ու հայրենիքինջջջջ:
Նոյն ոգիով, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան ըրաւ հետեւեալ հաստատումը. «Մատթէոսեան ամոլի նման բարերարներու նիւթական ու բարոյական անվարան ներդրումներն են որ մեր միութեան կարողականութիւն կու տան իրականացնելու իր առաքելութեան պահանջները՝ յօգուտ մեր ժողովուրդինջջջջ:
Շուրջ քառորդ դար առաջ, 1997ին, Հայ Օգնութեան Միութիւնը որոշեց Ախուրեանի մէջ կառուցել ու պահել Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած՝ ոչ-շահաթաբեր առողջապահական կեդրոն մը, ՀՕՄի նիւթական յատկացումներով: Սկզբնական շրջանին, կեդրոնը կոչուած էր ծառայելու Ախուրեան շրջանի վեց մօտակայ գիւղերու 22,000 բնակիչներուն: Իսկ այսօր, երկու տասնամեակներու ծառայութենէ ետք, կեդրոնը իր խնամքը կը տարածէ Շիրակի մարզի աւելի քան 150,000 հիւանդներու վրայ:
Իր մասնագիտացած բժշկական անձնակազմով, կեդրոնը իր տրամադրութեան տակ ունի անհրաժեշտ բոլոր արդիական սարքաւորումները, ներառեալ ձայնագրական եւ ստինքազննական ելեկտրոնային գործիքներ, որոնք կարեւոր են կնախտաբանական, մանկաբարձական ու մանկաբուժական քննութիւններու եւ հարկ եղած խնամքի մատակարարման համար, եւ մատչելի՝ շրջանի բոլոր բնակչութեան, անվճա՛ր: 2005ին, Ծննդատան կեդրոնի յաւելումով՝ նշանակելիօրէն աւելցած է անվտանգ ծնունդներու թիւը՝ առաջքը առնելով անտեղի մահերու հաւանականութեան: Իսկ անցեալ Յունիսի սկիզբը, կեդրոնը բախտաւորուեցաւ փոքրիկն Գարեգինով, որ դարձաւ ծննդատան 15,000րդ նորածինը:
Հանգուցեալ զոյգը, բարձր գնահատելով ՀՕՄի աշխատանքները՝ 2005ին հովանաւորեց վիհատութեան սենեակի ծախսերը:
Նաեւ, ի տես Ախուրեանի մէջ իրականացուած յաջողութիւններուն, նոյն ամսուան ընթացքին ՀՕՄուհի Իշխանուհի Սիմոնեան 30,000 աւստրալիական տոլար նուիրեց ՀՕՄին՝ իր ամուսնութեան 50րդ տարեդարձին առիթով:
Այս գումարին կէսը պիտի յատկացուի ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկանջջջջ առողջապահական կեդրոնին ու ծննդատան, ուր ՀՕՄը հաստատած է յատուկ հիմնադրամ մը, որուն հասոյթէն 150 ամերիկեան տոլար կը յատկացուի ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք կը բախտաւորուին իրենց երկրորդ աղջիկ զաւակի ծնունդով՝ աշխարհ եկած ՀՕՄի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկանջջջջ ծննդատան յարկին տակ:
Փափաքողները կրնան իրենց նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ կայքէջին միջոցով՝ http://ars1910.org/give/:
1910ին հիմնուած Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ), 27 երկիրներու մէջ գործող իր մասնաճիւղերով, ոչ-յարանուանական մարդասիրական միութիւն մըն է, որ համաշխարհային տարողութեամբ կը ծառայէ ու կը սատարէ դաստիարակչական ծրագիրներու, առողջապահական, բարեգործական անմիջական օգնութիւն կը ցուցաբերէ հայ գաղութներուն եւ նեցուկ կը կանգնի կիներու իրաւունքներուն պաշտպանութեան, բարելաւման ու տարածման ի խնդիր տարուող աշխատանքներու: