Վաչէ Շիրինեան զաւակն է Պարգեւ եւ Ալիս Շիրինեաններուն: Ծնած է Լիբանան, 22 Նոյեմբեր 1957ին: Վաչէն յաճախ կը կատակէր, թէ ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը իր տարեդարձը կը տօնէ, որովհետեւ Նոյեմբեր 22ը նաեւ Լիբանանի անկախութեան օրն է։
Վաչէ անդամակցած է Էշրեֆիյէի «Ազատամարտ» Պատանեկան միութեան եւ մաս կազմած է «Ազատամարտ» ֆութպոլի խումբին: Փոքր տարիքէն նետուած է արհեստի ասպարէզ: Աւելի քան քառասուն տարի աշխատած է իր քեռիին՝ Հրազդանի հետ, նախ՝ Լիբանան, ապա՝ Ամերիկա, եւ անկէ սորված ու ձեռք ձգած է ոսկերչութեան արհեստի հմտութիւնն ու նուրբ ճաշակը։
Կարճ ու պարզ եղած է Վաչէի կեանքը: Գործէն տուն, տունէն գործ, գոծէն ակումբ, ակումբէն տուն… Իր ժամանակը տրամադրած է իր ընտանիքի անդամներուն եւ միեւնոյն ատեն իր ընկերներուն ու ընկերուհիներուն, որոնց հետ իր կեանքի լաւագոյն օրերը ապրած է: Համեստ ու տիպար համակիր եղած է ան հայկական կազմակերպութիւններուն, ըլլան անոնք կուսակցական, մարզական թէ մշակութային։
Վաչէի կենսագրութենէն ու յիշատակելի թուականներէն աւելի, անոր նկարագիրն ու բնաւորութիւնն են որ մեզ կը գրաւեն, կը հրապուրեն եւ իմաստ կու տան սովորական ու պարզ իր կեանքին: Վաչէի բնաւորութեան այդ իմաստն է որ անվերջ կը մնայ մեզի հետ, իբրեւ պատգամ, իբրեւ կեանքի ուղեցոյց եւ ծառայասէր տիպար մարդ:
Վաչէի բնաւորութեան մասին գրելը կրնայ հատորներ լեցնել: Գիրքեր կարելի է գրել Վաչէի համեստ ու բարի նկարագիրին մասին: Մարդու իր տեսակը ունի կեանքին հանդէպ լաւատեսութեան ու պարզութեան խորք մը, զոր կարելի է պեղել, պրպտել, անկէ դասեր քաղել ու շատ բան սորվիլ:
Գործին հանդէպ, ընկերներուն հանդէպ եւ ընտանիքի անդամներուն հանդէպ Վաչէի ունեցած մտերմիկ ու բարի մօտեցումը տարօրինակ լաւատեսութեան նկարագիր մը տուած են իրեն: Ան օգնած է իր ընտանիքի անդամներուն, իր հարազատներուն, իր ընկերներուն՝ առանց սակարկութեան, առանց հարցնելու եւ առանց հաշիւի: Դժուար թէ ան գանգատէր կամ դժգոհէր: Բարութեան եւ ազնուութեան մարմնացում մըն էր ան պարզապէս:
Այս բոլորին կողքին, Վաչէ նաեւ սրամիտ եւ կատակասէր բնաւորութեան տէր անձ էր, խօսակցակից մը, որ հաճոյք կը պատճառէր իր հարազատներուն եւ շրջապատին:
Փորձեցէք հիմա խօսիլ Վաչէի հետ, խօսեցէք հետը՝ նոյնիսկ եթէ ան ձեզի հետ չէ: Ան պիտի լսէ ձեզ, ու դուք պիտի տեսնէք իր բարի դէմքը, իր համեստ ժպիտը, իր պարզութիւնը: Պիտի լսէք իր սովորական, պարկեշտ ու լաւատես խօսքերը:
Վերջին հաշուով, իր հարազատներուն եւ բոլոր զինք լաւ ճանչցողներուն համար՝ Վաչէն հրեշտակ մըն է, որ այժմ բազմած է Աստուծոյ քով ու կը դիտէ մեզ իր պարզ ու ժպտուն դէմքով:
ՍԳԱԿԻՐ ՄԸ
Յուսամ ուշ չէ, սակայն խորապէս կը ցաւակցիմ Ձեր եղբօրը Վաչէին մահուան տխուր առիթով: Տարիներով ծանօթ էի մամային ու հօրը , գիտեմ նաև Ձեզ , վստահ եմ Վաչէն նպանապէս տիպար զաւակն էր այս ընտանիքին : Ինչ արած կեանքը երբեմն դաժան է…Ցաւակցութիւններս ✝️