
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի ընդհանուր գլխաւոր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկեր եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանտր Կրուշքօ Յունիս 26ին Վիեննայի մէջ քննարկեցին կազմակերպութեան աւանդը՝ Ուքրանիոյ, Մերձտնեսթրի եւ Արցախի հակամարտութիւններու կարգաւորման ջանքերուն մէջ. այս մասին կը հաղորդէ «Թասս» լրատու գործակալութիւնը, որ իր տեղեկութիւնները քաղած է Ռուսիոյ դիւանագիտական գերատեսչութեան հաղորդագրութենէն:
«Նաեւ, արծարծուեցան ԵԱՀԿի միւս առաքելութիւններուն եւ հիմնարկներուն, Ժողովրդավարական եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակներուն, ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերով յանձնակատարին եւ լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչին աշխատանքները», նշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: