ԵՐԵՒԱՆ.- Աշխատանքային այցելութեամբ Անգլիա գտնուող նախագահ Արմէն Սարգսեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Լոնտոնի մէջ:
Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու նախարար Ալան Տանքըն Հայաստանի նախագահին ի պատիւ կազմակերպեց աշխատանքային ճաշ, որուն ընթացքինմ նախագահ Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւնները:
Այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լոնտոնի դիւանագիտական շրջանակին մօտ թագուհիի ներկայացուցիչին հետ:
21 Յունիսին, նախագահ Արմէն Սարգսեան իր տիկնոջ՝ Նունէ Սարգսեանի հետ, հիւրընկալուեցաւ թագաւորական ընտանիքին կողմէ Պաքինկհամ պալատին մէջ կազմակերպուած ընթրիքին: