ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ
Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի համագաղութային տօնախմբութիւնը յարգանքի տուրք է դարերու կորուստէ ետք մեզ պետականութիւն շնորհած պանծալի սերունդին:
Այն իրողութիւնը՝ որ մենք այսօր ունինք ազատ, անկախ Հայաստան, ունինք ամուր պետականութիւն իր բոլոր կառոյցներով, ունինք հզօր բանակ, առաջին հերթին կը պարտինք այդ սերունդին:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայ համայնքէն ներս գործող ազգային երեք կուսակցութիւններուն՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսացկութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնացկութեան, եւ չորս յարանուանութեանց՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զոյգ առաջնորդարաններու, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու ղեկավարութեան որոշումը՝ առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը միասնաբար տօնախմբելու, մեր ներհամայնքային առողջ, համագործակցութեան ոգիի լաւագոյն ապացոյցներէն է:
Իրապէս պէտք է գնահատել այն երկար ճանապարհը, զոր անցած է մեր համայնքը՝ ամէն քայլի ամրացնելով փոխադարձ յարգանքը, ազգային կարեւոր առաջնահերթութիւնները միասնաբար դիմագրաւելու գիտակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը:
Այս ոգին իր լաւագոյն դրսեւորումը ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի քայլարշաւով, որուն մասնակցեցան բիւրաւոր հայորդիներ: Մեր համայնքի զաւակները իրենց այդ տարողութեան մասնակցութեամբ պատգամ մըն է, զոր փոխանցեցին համայնքի ղեկավարութեան. միասին մենք հզօր ենք, միասին մենք կրնանք սարեր շարժել:
Համագործակցութեան այդ գեղեցիկ աւանդոյթի շարունակութիւնն է այս միասնական տօնախմբումը՝ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակին: Կը հրաւիրենք մեր համայնքի զաւակները միանալու այս տօնախմբութեան ու առաջին Հանրապետութիւնը փառաւորելով՝ գնահատելու նաեւ ցուցաբերուած միասնականութիւնը՝ նոր մեկնակէտ յետագայ համատեղ աշխատանքներու (ձեռնարկի մանրամասնութիւնները տեսնել ստորեւ): Բոլորս ալ գիտակից ենք, որ մեր հայրենիքը ամէն օր կարիքը ունի մեր համայնքի անսակարկ ու ամբողջական զօրակցութեան՝ դիմակայելու համար այն վտանգները, որոնք կը սպառնան իր կենսունակութեան: Միջկուսակցական ու միջյարանուանական յարաբերութիւններու առաւել սերտացումը, միասին աշխատելու, միասին ծրագրելու եւ միասին գործադրելու երեւոյթը երաշխիք է, որ մենք պատրաստ ենք պատուով կատարելու համազգային մեր պարտաւորութիւնները՝ Հայաստանի, Արցախի ու ընդհանրապէս մեր ժողովուրդին հանդէպ:
ԱՒԵՏԻՔ ԻԶՄԻՐԼԵԱՆ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի քաղաքական ներկայացուցիչն է: