ՎԱՆԱՁՈՐ.- «Ես տան մէջ եմ մեծացել. չգիտէի դոմիկն ինչ է», կը յայտնէ Աստղիկը, որ ամուսնութենէն ետք զգացած է յետ-երկրաշարժ Վանաձորի «դոմիկային» կեանքը: Հայաստանի հիւսիսը փլատակներու տակ ձգած երկրաշարժի տարին ծնած Աստղիկը աղէտի գօտիէն հեռու ապրած էր մինչեւ վերջին 8 տարիները, սակայն անոր ամուսինը՝ Բագրատը, արդէն 28 տարի է, որ դոմիկի մէջ կ՛ապրէր: Դոմիկին մէջ ան կորսնցուցած է հայրը, որ 54 տարեկանին մահացած է տան կենցաղային պայմաններուն պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններէն: Բագրատի մայրը՝ 57ամեայ Անահիտ Աւետիսեան, արեան քաղցկեղ ունի:
Աստղիկն ու Բարգրատը 3 երեխաներ ունին: Աննան առաջին դասարանցի է, Սերկէյը՝ 6 տարեկան է, իսկ տան կրտսերը 3ամեայ Անին է: Մնացականեան ամոլը մնայուն աշխատանք չունի. ընտանիքի եկամուտը օգնութեան նպաստն է՝ 30 հազար դրամ. նոյնքան է Բագրատի մօր թոշակը:
«Ամուսինս յոյս չունէր, բայց ես հաւատում էի, որ Աստուած իմ տան յոյսը կը դնի մի բարի մարդու սրտում ու կը տայ ինձ», կ՛ըսէ Աստղիկը, որուն երազը արդէն իրականութիւն է:
Արդարեւ, Վանաձոր ապրող Մնացականեաններու 6 հոգինոց ընտանիքին բնակարան նուիրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Հայաստան համահայկական հիմնադրամի մասնաճիւղի բարերար Զարեհ Շահգալդեան:
Ընտանիքը արդէն իսկ տեղափոխուած է իր նոր տունը՝ հիմնովին նորոգուած, կահաւորուած եւ կենցաղային լաւ պայմաններով համալրուած, իսկ Վանաձորի կեդրոնը գտնուող դոմիկը հիմնովին պիտի քանդուի՝ իր հետ տանելով Մնացականեաններու 28 տարուան մղձաւանջը:
(Թղթակցութիւնը՝ Հայաստան համահայկական հիմնադրամէն)