Հայաստանի ոստիկանութեան Կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութիւնը տեղեկութիւններ ստացած է, որ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ Յովհաննէս Յովսէփեան կ՛երթեւեկէ թիկնազօրով եւ ինքնաշարժներուն մէջ կայ զէնք-զինամթերք: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութենէն:
18 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 11:40ի սահմաններուն, ոստիկանները Կիեւեան եւ Օրբելի փողոցներու խաչմերուկին վրայ իրականացուց յատուկ գործողութիւն:
Ինքնաշարժներուն մէջ յայտնաբերուեցան գնդացիրներ եւ ատրճանակներ, որոնց օրինականութիւնը կը ստուգուի: Ինքնաշարժները տեղափոխուեցան ճանապարհային ոստիկանութեան պահպանուող յատուկ տարածք: Անոնցմէ երկուքը փոխարինուած համարանիշերով են, ինչպէս եւ ինքնաշարժներուն մէջ տեղադրուած են յատուկ ձայնային ազդանշաններ արձակելու սարքեր, առկայծող փարոսիկներ, նաեւ ռատիօկապի միջոցներ: Իրաւախախտումներու փաստերով կազմուած են արձանագրութիւններ: Հանգամանքները կը պարզուին:
Թէեւ ոստիկանութիւնը չի յայտներ, թէ ճիշդ ո՛ր Յովհաննէս Յովսէփեանի մասին է խօսքը, սակայն, ըստ «Արմէնփրէս»ի, իբրեւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայ յիշատակուող Յովսէփեան, 2008-2016ին զբաղցուցած է Հայաստանի նախագահի վերահսկողական ծառայութեան պետի պաշտօնը: