ԱՍՊԵՏ Պ.
Եթէ կրնաք՝ հաւատացէք: Հայոց բանակի զօրավարի կոչումը վաղուց վարկաբեկած Էջմիածինի բնակչութեան հոգէառ սատանայ Մանուէլ Գրիգորեանի ձերբակալութենէն անմիջապէս ետք իր անհանգստութիւնն ու բողոքը արտայայտած Հայաստանի Հանրապետական կուսացկութիւնը (որուն ղեկավար անդամներէն է, անշուշտ, Մանուէլը), անոր գողօնի մասին եղած հեռասփռուած նիւթերը տեսնելէ ետք հանդէս եկած է նոր յայտարարութեամբ: Այս աղաղակող կեղծաւորոթիւն պարունակող յայտարարութեան բնագիրը կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Խորը ցաւով եւ զայրոյթով ծանօթացանք այն տեսանիւթին, որ ներկայացուեց ԱԱԾ կողմից: Դժուար է հաւատալ, որ դա իրողութիւն է: Ապշած եւ վրդովուած ենք, որ մեր իրականութեան մէջ նման բան առհասարակ հնարաւոր է՝ որեւէ մէկի կողմից, առաւել եւս՝ Արցախի ազատամարտին ակտիւօրէն (աշխուժօրէն-Խմբ.) մասնակցած գեներալի (զօրավարի-Խմբ.): Սա անընդունելի ու զազրելի է:
Յարգելով անմեղութեան կանխավարկածը՝ յայտարարում ենք, որ եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով հաստատուի այն մեղադրանքը, որը առաջադրուել է Մ. Գրիգորեանին, անկախ նրա վաստակից, նա պէտք է պատասխան տայ օրէնքի առաջ՝ դրա ողջ խստութեամբ: Օրէնք խախտող իւրաքանչիւր ոք, անկախ նրանից ինչ վաստակ ունի, ինչ պաշտօն է զբաղեցնում կամ զբաղեցրել, կուսակցական է թէ ոչ, ԱԺ պատգամաւոր է թէ ոչ, պէտք է պատասխանատուութիւն կրի օրէնքի առջեւ: Սրանք հերթապահ բառեր կամ մտքեր չեն, սա անվերապահ դիրքորոշում է, յատկապէս այն, ինչ ներկայացուել է, բացի իրաւական ասպեկտից (երեւոյթէն-Խմբ.), ունի ընդգծուած բարոյական կողմ: Սա հարուած է մեր ժողովրդի բարոյական արժէքներին, հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գաղափարին»:
Ինչպէ՞ս կարելի է հաւատալ, որ Մանուէլ Գրիգորեանի կուսակիցները եւ Հայաստանի նախկին իշխանաւորները անտեղակ էին անոր կատարած թալանէն ու անօրինութիւններէն: Հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գաղափարին հարուածողներու շարքը անշուշտ Մանուէլով չի սահմանափակուիր: