ՅԱԿՈԲ Ա. ՍՐԿ. ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ
(Ծնեալ՝ Սեպտ. 18, 1928ին, Յունաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր եւ հարազատին՝ Յակոբ Ա. Սրկ. Թիւթիւնճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, Յունիս 15, 2018ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Յունիս 20, 2018ին, կէսօրէն ետք ժամը 12։30ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ։
Հանգուցեալի մահուան եօթնօրեակին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, Յունիս 23, 2018ին, առաւօտեան ժամը 11ին, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, 1614 N. Alexandria Ave.:
Սգակիրներ՝
Այրին՝ տոքթ. Սեդա Փանոսեան
Դուստրը՝ Լուիզա Թիւթիւնճեան
Թոռը՝ Արթուր Կարապետեան
Եղբօր զաւակը՝ Յակոբ Թիւթիւնճեան (Յունաստան)
Հարազատները՝ Մանուշ Տէրմէնճեան
Արաքսի Արութունեան եւ ընտանիք
Ռոզա Կալպանչեան
Վռամ Կալպանչեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի «Նայիրի» ճաշարանին մէջ, 5075 Hollywood Blvd., Los Angeles, CA 90028
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ազգային Առաջնորդարանին, Armenian Prelacy of the Western States, 6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214։