ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Կայ մէկ բանալի գործօն, որ պէտք է պարտադիր քննարկման մղէ բոլորս ազգովին, բայց մանաւանդ մեզ՝ դաշնակցականնե՛րս:
Մենք յաճախ կը քննադատենք մեր ժողովուրդը իր քուէն վաճառելու մեղաւոր արարքին համար, եւ ճի՛շդ կ՛ընենք: Բայց այդքան պարզ չէ այս հարցը: Քուէն վաճառող մարդը նաեւ համոզուած է, որ քուէն գնողը այն ուժն է (կամ մարդը), որ կարողութիւնը ունի հարցեր լուծելու իրեն համար:
Ցարդ գործող քաղաքական մշակոյթը մեր երկրին մէջ, ինքն ըստ ինքեան, «հաւասարեցուցած» է ղեկավարողն ու ղեկավարուողը մէկ բարոյական հաւասարութեան մէջ: Ղեկավարողը կը շահագործէ ղեկավարուողը: Բայց նաեւ ղեկավարուողը կը «շահագործէ» ղեկավարողը… այս մէկն ալ ինքնուրոյն «ընկերային պայմանագիր» մըն է, հիմնուած՝ կողմերու շնական փոխյարաբերութեան վրայ, որ ի վերջոյ կը կացինահարէ հիմքերը հասարակութեան: Ի դէպ, այս կերպարը իր կատարելութեան հասած էր Խորհրդային Միութեան վերջին շրջանին: Եւ այդ քաղաքական մշակոյթը փոխանցուեցաւ անկախ հանրապետութիւններուն (նաեւ մեր հանրապետութեան): Այս առումով, ներկայ հանրապետութիւնը «բարոյական» իրաւաժառանգորդն է Խորհրդային Հանրապետութեան: Մեր հաւաքական մարտահրաւէրն է շրջել այս ծուռ դարձած անիւը եւ ներկայ հանրապետութիւնը վերադարձնել իր հարազատ արմատներուն՝ Հայաստանի (Առաջին) Հանրապետութեան:
Այդ իսկ պատճառով, Դաշնակցութիւնը կենսական շիճուկն է այս անկախ պետականութեան: Դաշնակցութեան ընելիքը անդին կ՛անցնի բոլոր առօրեայ օրակարգերէն եւ կը պայմանաւորէ այդ օրակարգերը իր յաջող եւ ձախող բոլոր նախաձեռնութիւններով: Հետեւաբար այդ բանին բարձր գիտակցութեամբն է, որ պիտի գործէ ան: Պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ «անփութութեամբ եւ մասամբ նորին» յանկարծ չիյնանք փորձութեանը մէջ՝ անզգալաբար որդեգրելու գործող քաղաքական մշակոյթը եւ ինքնաբերաբար մոռացութեան տանք մեր պատմական առաքելութիւնը: Դաշնակցութեան յեղափոխական մտատեսիլը երբեք չէ եղած «նմանիլ» իր ժողովուրդին: Այդ դաշտը կը պատկանի ուրիշին: Մեր մտատեսիլը եղած է ընել ամէն բան, որ մեր ժողովուրդը նմանի մեր գաղափարական հանգանակին: Եւ որպէսզի մենք բարոյական իրաւունքը ունենանք այդ պահանջը դնելու մեր ժողովուրդին առջեւ, մեր գաղափարական հանգանակը մարմնաւորողը, առաջին հերթին, մենք՝ ինքնե՛րս պիտի ըլլանք:
Այս դժուար կեանքով ապրեցան մեր մեծերը (Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր հայրերն ու մայրերը) եւ գերազանցութեան ամէնէն խստապահանջ չափանիշները հաստատեցին բոլոր ժամանակներու համար եւ յատկապէս մեզի համար: Թող ամէն հայ — ամէն դաշնակցակա՛ն – ինքն իր խղճին առեւ անցընէ այդ փորձաքննութիւնը եւ շու՛տ: Քանի որ նոր գործը կիսամիջոցներով եւ թոյլ զէնքերով կարելի չէ գլուխ հանել:
Յունիս 14, 2018