ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պասքեթպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականը 15 Յունիսին սկսաւ Երեւանի մէջ նախապատրաստուելու Լիբանանի մէջ կայանալիք միջազգային մրցաշարքին, ինչպէս նաեւ 28 Յունիսին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունենալիք «Եուրօ-2021»ի նախընտրական փուլի՝ Դանիա-Հայաստան մրցումին:
Հայաստանի ազգային հաւաքական կազմին մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ: Հաւաքականին միացած են Մաթիու Մատոյեան, Արամ Արսլանեան (Լոս Անճելըսէն) եւ Միքայէլ Յակոբեան, որոնք անցեալ տարի հանդէս եկած էին Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու հաւաքականէն:
20 Յունիսին, ընտրանին պիտի մեկնի Պէյրութ, ուր 21էն 24 Յունիս պիտի մրցի Լիբանանի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի հաւաքականներուն հետ: