ԵՐԵՒԱն.- Հայաստանի Հանրապետութենէն, 15 Յունիսի դրութեամբ, ընդհանուր առմամբ արտածուած է 67,294 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 33,819 թոնին դիմաց: Արտահանուած է 14,752 թոն ծիրան՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի 26 թոնի դիմաց: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Հայկական թարմ պտուղ-բանջարեղէնը մասնաւորապէս արտահանուած է Ռուսիա՝ շուրջ 64,178 թոն, մնացեալը՝ Վրաստան, Պելոռուս, Ղազախստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Իրաք, Իրան, Պելճիքա եւ Ռումանիա: