ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական համայնքը 9 եւ 10 Յունիսին ապրեցաւ տօնական շաբաթավերջ մը՝ նշելով նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման 5րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Շաբաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մը, իսկ Կիրակի առաւօտուն, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց եւ ուղղեց իր պատգամը։
Թէ՛ ճաշկերոյթին եւ թէ պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ ծխական շրջանի պատասխանատուները։ Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան թեմի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Ասորի, Եթովպիական, Յոյն եւ Մարոնի եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Սրբազանին հովանաւորութիւնը ու ներկայութիւնը վայելող ճաշկերոյթին հիւրընկալն էր ծխական մարմինի փոխատենապետ՝ տէր եւ տիկին Կարօ եւ Մարիա Պայրամեան ամոլը։ Հանդիսավարը՝ Գառնի Արմէնեան, իր ողջոյնի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին 5 տարիէ ի վեր ոչ միայն աղօթավայր է, այլեւ՝ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց համար ժամադրավայր եւ օգտաշատ ձեռնարկներու հանդիսավայր, ուր կը պահպանուին հայկական աւանդութիւններ։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն բերած են տարիներու երազի մարմնաւորման։ Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արսէն քհնյ. Գասապեան։ Ծխական յանձնախումբին անունով ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Եղիա Եղիայեան, շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին՝ իր հոգածութեան ու ցուցմունքներուն համար, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, բոլոր կամաւոր ծառայողներն ու զօրակիցները, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կառուցուեցաւ ու կը գործէ Ս. Կարապետ եկեղեցին, իբրեւ այս շրջանի առաջին Հայց. առաքելական եկեղեցի։
Սրտի խօսք արտասանեց ծխական յանձնախումբի նախկին ատենապետ, այժմու անդամներէն եւ Լաս Վեկասի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, որ շեշտեց մեր եկեղեցիներու ու համայնքային կառոյցներու պահպանման համար հսկայական ջանքերու եւ ուժականութեան անհրաժեշտութիւնը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կը բերեն Լաս Վեկասի եկեղեցւոյ, լեզուի ու մշակոյթի պահպանման գործին ի խնդիր։ Ան հրաւիրեց համայնքի բոլոր անդամները՝ վերանորոգ կամքով շարունակելու ծառայական սրբազան առաքելութիւնը։ Ազգային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց ծխական համայնքը, կանգ առաւ մեծ երազներ ունենալու կարեւորութեան վրայ, որոնց իրականացումը օգտակար պիտի ըլլայ իրերայաջորդ սերունդներու։ Ան դրուատիքով խօսեցաւ եկեղեցւոյ հովիւին, ծխական յանձնախումբին, բարերարներուն ու գործակիցներուն մասին, մաղթեց նոր իրագործումներ ու աւելի յաջող տարեդարձներ։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ տարեդարձի կարկանդակի հատում։
Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ փառք տալով Աստուծոյ, որ միասնաբար կը նշենք Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման 5րդ տարեդարձը։ Ան ողջունեց Ազգ. վարչութեան ատենապետը եւ պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեանը՝ համայնքին ի նպաստ անոր ծառայութեան համար, ողջունեց նաեւ ծխական մարմինին ու բարերարներուն ներկայութիւնը եւ ընդգծեց, որ վերջին հինգ տարիներու իրագործումները ուղղակի շարունակութիւնն էին նախընթաց տարիներու ծխական աշխատանքներուն, ապա գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ նախկին եւ այժմու հոգեւոր հովիւներուն՝ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ Արսէն քհնյ. Գասապեանի մասին, ծխական յանձնախումբին ու անոր գործակից միաւորներու ճիգերուն մասին, միաժամանակ ողջունելով ներդրումը բարերարներուն ու բարեկամներուն։ Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ եկեղեցւոյ հիմնարկէքի, գմբէթի խաչի օրհնութեան եւ օծման արարողութեանց, իսկ շինարարական աշխատանքներու ամբողջացումէն ետք՝ եկեղեցւոյ օծման արարողութեանց, յատկապէս վեր առնելով այն ներդրումը, զոր ունեցան եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզ եւ այլ բարերարներ։ «Իբրեւ այս համայնքի հարազատ անդամներ, սիրելինե՛ր, դուք ականատես վկաներն էք, թէ հաւաքական, անկեղծ ու անսակարկ ծառայութիւնը ինչպիսի՛ բարի արդիւնքներու կը հասցնէ», ընդգծեց առաջնորդը՝ յորդորելով, որ միասնական ճիգերը շարունակուին նոյն թափով, ծխական շրջանը հասնի նոր բարձունքներու, համայնքը բոլորուի հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին շուրջ եւ լծուի նոր իրագործումներու։
Պաշտօնական յայտագիրը աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Երեկոն շարունակուեցաւ խրախճանքով։
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
Առաջնորդը Կիրակի, 10 Յունիսի առաւօտուն պատարագ մատուցեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեան ու Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի ներկայացուցիչները, ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի անդամուհիներ, ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներ եւ ծխական հաւատացեալներ։
Սրբազանը իր պատգամը սկսաւ՝ ողջունելով ծխական համայնքն ու հիւրերը եւ մաղթելով ծաղկուն նոր տարեդարձներ։ Հակիրճ կերպով անդրադառնալէ ետք եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ու անցեալի տարիներու իրագործումներուն, առաջնորդը նկատեց, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ յառաջիկայի իրագործումները կը կարօտին հաւատքի, սիրոյ, բարի կամեցողութեան, միասնականութեան եւ ներդաշնակ համակարգումի։
Խօսելով օրուան Աւետարանի ընթերցումէն բխող պատգամին մասին՝ սրբազանը կանգ առաւ երեւութականէն անդին՝ իսկական ծառայութեան եւ օրէնքի հանդէպ յարգանքի գիտակցութեան վրայ։ Անդրադառնալով օրէնքի տառին չկառչելու, այլ անոր խորքը ըմբռնելու եւ հետեւելու մասին Քրիստոսի պատգամին՝ ան շեշտեց, որ պէտք չէ տարուիլ արտաքին երեւոյթներով եւ օրէնքի մակերեսային մեկնաբանութեամբ, այլ հոգուով ու նուիրումով թափանցել հարցերու խորքը եւ ծառայել նուիրումով ու կարեկցանքի տրամադրութեամբ՝ յիշեցնելով մարգարէին խօսքը. «Ողորմութիւն կ՛ուզեմ, եւ ո՛չ զոհ»։
Սրբազանը նաեւ յիշեցուց, որ նախորդ օրը մեր եկեղեցին յիշատակած էր չորրորդ դարու մեր մեծ հայրապետ Մեծն Ներսէսը եւ անոր սերտ գործակիցը՝ Խադ եպիսկոպոսը, որոնք հաւատքի ու ծառայութեան կոթողական տիպարներ էին։ Մեծն Ներսէս մեր եկեղեցւոյ առաջին գլխաւոր բարեկարգիչն էր, որ հաստատեց վանքեր ու դպրոցներ, հիւանդներու ու կարօտեալներու համար կառուցեց հիւանդանոցներ ու ապաստանարաններ։ Այսօր Մեծն Ներսէս հայրապետը կը յիշատակենք յատկապէս այն օրինակելի պատգամով, որ ան եկեղեցին մօտեցուց ժողովուրդին. ան կը մնայ մեր պատմութեան ամէնէն պանծալի առաջնորդներէն մէկը, որ իր ժողովրդանուէր ծառայութեանց շնորհիւ կոչուած է «մեծ» եւ «սիրտերու լուսաւորիչ»։
Նկատել տալով, որ օրուան Աւետարանի հատուածին ու Մեծն Ներսէսի ծառայական կեանքին միջեւ զուգորդութիւն մը կայ, սրբազանը կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն, որ հաւատարիմ մնան մեր եկեղեցւոյ, ազգին, սրբազան հայրերու ժառանգութեան ու աւանդներուն։ Եզրափակելով՝ ան շնորհաւորեց ծխական համայնքը, անոր ծառայութեան լծուած մարմիններն ու հաւատացեալ ժողովորդը, բոլորը հրաւիրելով, որ սերտ գործակցութեամբ համայնքը հասցնեն նոր բարձունքներու, գործեն փոխադարձ սիրով, յարգանքով, ներդաշնակութեամբ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցին պահեն իբրեւ համայնքի հիմնաքարը ու կենսատու փարոսը։
Ապա, առաջնորդը օրհնեց արծաթապատ Ճաշու Աւետարան մը, որ եկեղեցւոյ նուէր տրուած էր ծխական յանձնախումբի փոխատենապետ Կարօ Պայրամեանի եւ իր կնոջ՝ Մարիայի կողմէ։
«Տէր Ողորմեա»էն առաջ, Արսէն քահանան բարի գալուստի խօսք արտասանեց սրբազան հօր՝ մաղթելով առողջութիւն եւ բեղուն գործունէութիւն։ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ բարերար Լերի Պարնզի ու կնոջ՝ Սեդա Տէր Կարապետեան-Պարնզի հոգիներու խաղաղութեան համար։ Այնուհետեւ, կազմակերպութեամբ ծխական յանձնախումբին՝ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։
Սրբազանին այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ Ազգ. վարչութեան ատենապետին հետ միասին, ան խորհրդակցական հանդիպում մը ունենայ հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին հետ՝ քննարկելով ծխական շրջանի անմիջական ծրագիրները։