Քուէյթի «Քուէյթ Թայմզ» անգլիատառ հեղինակաւոր թերթը «Վաղեմի Հայկական Խոհանոցը» (Ancient Amenian Cuisine) խորագիրով անդրադարձած է հայկական խոհանոցին: Այս մասին կը կարդանք Լիլիթ Գալստեանի դիմատետրի էջէն վրայ:
Թերթին մէջ ներկայացուած է հայկական տոլման (ամառնային ու խաղողի տերեւով), ինչպէս նաեւ գաթան:
Լիլիթ Գալստեան, թերթին հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին հպարտութեամբ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հնադարեայ աւանդոյթներով ու հիւրընկալութեամբ, խօսած է Լաւաշը ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներառուած ըլլալուն մասին, ու շեշտած, որ ներկայացուածը տակաւին ամբողջական չէ, եւ թէ պէտք է այցելել Հայաստան:
«Կը մտածեմ, որ մեր գաթան ալ արժանի է ԵՈՒՆԵՍՔՕի ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին վրայ ներգրաւելու», իր խօսքը աւարտած է Լիլիթ Գալստեան՝ նշելով, որ այդ մասին պէտք է յիշեցնել Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին: